2015-03-14 11:56:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ''հետեւէ ինծի'' հասարակութեան անդամներուն հետ։


Շաբաթ, 14 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 11.30ին, Վատիկանի Քլէմէնթինա անուանՍրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց,՝՝Հետեւէ ինծի'' կոչուած հասարակութեան անդամներուն, որոնք կը նշեն իրենց հիմնադրութեան 50 ամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով հաստատութեան պատմութեան. որ ծնունդ առած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ընթացքին, եւ անոր որդեգրած  բարձր գաղափարականներուն, հաստատեց թէ ''Յիսուս կենդանի է` Հետեւէ ինծի'' հասարակութեան ներքոյ ու քաջալերեց ներկաները  սոյն յանձնառումը ապրելու այսինքն՝ ''Զիջիլ իրենց անձը կեդրոնականութենէն ու այնտեղ զետեղել Կենդանի Յիսուսի՝ Քրիստոսի անձը''։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Եկեղեցւոյ մէջ բարի քրիստոնեայի բարեսիրական գործունէութիւններուն՝  ընկերային կեանքէն ներս,  ընդգծելով թէ հարկաւոր է չմոռնալ այն  ակնաղբիւրը որ կեանքի մղիչ ուժն է եւ  որ կը կերպարանափոխէ սիրտերը՝ Սուրբ Հոգին, Քրիստոսի Հոգին ու աւեցուց թէ հարկաւոր է թոյլ տալ ''որ  Տէրը գրաւէ ձեր կատարած բարի գործերուն ու սրտերուն կեդրոնը''։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց  ապա եկեղեցւոյ ծիրէն ներս աշխարհականներու դերակատարութեան եւ  քաջալերեց ներկաները  առաջին հերթին ըլլալու Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան գործօն մասնիկներ, ինչպէս նաեւ խրախուսեց զանոնք ապրելու իրենց աշխարհականութիւնը նուիրուելով երկրաւոր յատուկ իրականութիւններուն՝  Ընտանիք, գործ, ընկերային կեանք, նպաստելով  Աւետարանի հոգին զետեղելու  պատմութեան վէրքերուն մէջ՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վկայութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.