2015-03-14 11:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին յոբելենական ''Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ'' հռչակումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 մարտ 2015-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին օրը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ապաշխարութեան ու խոստովանանքի մատակարարումի խորհուրդը, որով սկիզբ առաւ նաեւ ''Տիրոջ համար 24 ժամ աղօթք''ի ձեռնարկը։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ խոստովանանքի խորհուրդի կարեւորութեան, ըսելով թէ ''Աստուծմէ շնորհուած պարգեւ մըն է, որով մեր սիրտը կը կերպարանափոխուի։ Հաշտութեան խորհուրդ մը որ թոյլ կու տայ վստահութեամբ յարիլ Հօր` Անորմէ ներողութիւնը հայցելով։ Ողորմութեամբ լի խորհուրդ մը որուն աւարտին մենք զմեզ վերածնած կը զգանք''։

Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն (Գլ 7, 36-50) ուր կը պատմուի մեղաւոր կնոջ մասին որ ''արցունքով կը թրջէ Յիսուսի ոտքերը, մազերով կը սրբէ զանոնք եւ անուշ իւղերով կ՛օծէ''։ Այս դէպքէն ի յայտ կու գան երկու բառեր - ըսաւ Քահանայապետը – Սէր եւ դատաստան։  Մեղաւոր կնոջ սէրը եւ Սէրը ողորմած Յիսուսին։ Սէրն ու ներումը հոմանիշներ են  - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ Աստուած շատ կը ներէ որովհետեւ շատ կը սիրէ։ Աստուծոյ ներողամտութիւնը սահման չունի։ Այդ կինը ներուած կը զգայ ինքզինք եւ կը վերածնի սիրոյ ու նոր կեանքի,  որովհետեւ իսկապէս հանդիպեցաւ Տիրոջ։ Այդ հանդիպման դերակատարը սէրն է եւ ողորմութիւնը,  որոնք դատաստանէն անդին կ՛երթան։

Յիսուսը հիւրընկալող տունի տանտէրը այդ դէպքին դիմաց կը խրտչի, չի հասկնար սիրոյ խոր իմաստը։ Անոր մտքին մէջ կայ միայն ''դատում'' որ զինք ճշմարտութենէն կը հեռացնէ։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ մակերեսային կեցուածք չունենալ այլ թափանցել  սրտին խորքը ու հասկնալ որքան վեհանձնութիւն կայ անոր մէջ։ Ոչ մէկը կրնայ դուրս մնալ Աստուծոյ ողորմութենէն։ Որքան աւելի մեծ է մեղքը, այնքան աւելի մեծ ըլլալու է  նաեւ Եկեղեցւոյ սէրը անոնց հանդէպ որոնք  կ՛ապաշխարեն։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ ապա Քահանայապետը, յաճախ մտածեցի թէ ինչպէս եկեղեցին կարող է իր ողորմութեան վկայութեան առաքելութիւնը աւելի բացայայտ դարձնէ։ Ճանապարհ մը որ սկիզբ  կ՛առնէ հոգեւոր ապաշխարութեամբ ու մենք պէտք ենք այս ճանապարհորդութիւնը կատարել։  Ասոր համար որոշեցի արտակարգ յոբելեան մը յայտարարել, որուն կեդրոնը հանդիսանայ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը։ ''Ողորմութեան Սուրբ Տարին'' որ պիտի ուզենանք ապրիլ Տիրոջ խօսքերուն լոյսին տակ ''գթած եղէք ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը''։

Սրբազան Հայրը հուսկ մատնանշեց թէ ''Այս տարին սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ ''Անարատ Յղութեան'' տօնին օրը ու վերջ պիտի գտնէ 20 նոյեմբեր 2016-ին` Աստուծոյ ողորմութեան կենդանի դիմագիծ` Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը։ 

Այս Յոբելենական տարւոյն պատրաստութիւնը կը յանձնեմ նոր աւետարանացումի քահանայապետական խորհուրդին, որպէսզի զայն լաւապէս կազմակերպէ­, որպէս նոր հանգրուան մը եկեղեցւոյ ուղեւորութեան եւ առաքելութեան` ամէն անհատի հասցնելու ողորմութեան Աւետարանը։

Վստահ եմ որ համայն Եկեղեցին, որ կարիքն ունի ողորմութեան, որովհետեւ մեղաւորներ ենք, պիտի կարողանայ այս Յոբելեանին մէջ գտնել ուրախութիւնը` վերագտնելու եւ պտղաբեր դարձնելու Աստուծոյ Ողորմութիւնը, որով ամէնքս կանչուած ենք մեր ժամանակակից մարդոց ու կիներուն տալու սփոփանք։ Չմոռնանք որ Աստուած ամէն բան կը ներէ եւ Աստուած միշտ կը ներէ։ Չյոգնինք ներողութիւն խնդրելէ։ Այժմէն իսկ այս Տարին կը յանձնենք ողորմութեան Մօր հովանիին, որպէսզի  իր հայեացքը ուղղէ մեր վրայ ու հսկէ մեր ուղեւորութեան վրայ որ է ապաշխարանքի ու սրտբաց ուղեւորութիւն մը, մէկ տարուայ երկարութեան, ընդունելու համար Աստուծոյ ներողամտութիւնը եւ Անոր ողորմածութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.