2015-03-14 11:58:00

Սուրիոյ եւ Իրաքի մանուկներու իրավիճակը աւելի քան ողբալի, յուսահատական է։


(Ռատիօ Վատիկան)  ՄԱԿ-ի մանուկներու ֆոնտը` յայտնած է որ Սուրիոյ եւ Իրաքի զինեալ ընդհարումին հետեւանքով շուրջ 14 միլիոն մանուկներ կը տառապին։ Սուրիոյ մէջ ապրող  5,6 միլիոն մանուկներու իրավիճակը յուսահատական է, իսկ երկրէն դուրս երկու միլիոն սուրիացի մանուկներու կացութիւնը աւելի վատ է ։ Շուրջ 2,6 միլիոն սուրիացի մանուկներ դպրոց չեն յաճախեր։    
Բռնութիւններն ու տառապանքը ոչ միայն քանդեցին անչափահասներու մանկութիւնը այլ եւ անոնց ապագան, յայտարարած է Անթոնի Լէյքը,  Unicef-ի տնօրէնը։ Մինչ Ճաքոմօ Կուէրրա` նախագահը Իտալիոյ Unicef-ին, յայտնած է որ իտալացի բարերարներէն կարողացած է հաւաքել 3.619.000 եւրօ սուրիացի մանուկներուն համար։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.