2015-03-14 13:27:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


 

Հայկական Հարցը՚ ՝ Հ. Ժ.-Ա. Րոյսսէին ցեղասպանութեան նուիրուած 4րդ հատորը։

 

Յիսուսեան կրօնաւոր՝ Հ. Ժորժ-Անրի Րոյսսէն 2012-2015 տարիներուն հրատարակած է հայերու կոտորածներու եւ մեծ եղեռնի նուիրուած չորս հատորներ՝ հիմնուած վատիկանեան զանազան դիւաններու փաստաթուղթերուն վրայ։ Սուրբ Աթոռը ստէպ քննադատութեան ենթարկուած է՝ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու ի տես իր ցուցաբերած կարծեցեալ անտարբերութեան համար։ Սակայն վաւերական փաստաթուղթերու ստուար թիւ մը կու գայ փաստելու հակառակը։ Այդ վաւերագրական գրութիւններուն մէջ մեզի կը յայտնուին Սուրբ Աթոռի տարած ճիգերը եւ ստէպ՝ միջազգային քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու անկարողութիւնը։ Դիւանային նիւթերու հանրութեան տրամադրելիութիւնը կարելիութիւն կու տայ պատմաբաններու՝ աւելի խոր թափանցելու հարցի էութեան մէջ եւ դուրս բերելու իրադարձութիւններու հետ առընչուած փաստաթուղթեր, նոր լոյս սփռելով պատմական որոշ դէպքերու վրայ։

Հ. Ժ.-Ա. Րոյսսէն՝ ծնած 1967ին Deinze, Պելճիքա՝ կանոնագիտութեան մասնագէտ եւ դասախօս է Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի եւ Փարիզի Centre Sèvres, Facultés Jésuites Քահանայապետական Համալսարանի։

Նախորդ հաղորդումներուն մէջ տուած էինք Հ. Րոյսսէնի առաջին երեք հատորներու բովանդակութիւնը։ Այսօր կը ներկայացնենք չորրորդ հատորը խորագրուած՝ La Questione Armena՝ Հայկական Հարցը. Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի եւ Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Դիւանի Պաշտօնաթուղթեր։ 631 էջերու մէջ բովանդակուած են 1908-1925 տարիներու պատրաստուած փաստաթուղթեր եւ մէջբերումներ։ Հատորը հրատարակուած է 2015 թուականին։

Նման նախորդ հատորներուն՝ այստեղ նոյնպէս տրուած են մանրամասն ցանկեր։

Առաջին Մասը՝ էջ 23-430 կը բովանդակէ ժամանակաշրջանի պաշտօնաթուղթերը։ Իսկ երկրորդ մասը ունի 4 յաւելուած՝

1. Կարդինալ Langénieuxի տեղեկագիրը՝ Mémoire confidentiel

2. Ականատեսներու վկայութիւնները 1909ին Լիոն տպուած գրքոյկէն՝ Les massacre d’Adana

3. Տեղեկագիր՝ Vérité sur le mouvement arménien et les mesures gouvernementales, Constantiople 1916՝ Ճշմարտութիւնը հայկական շարժումի մասին եւ կառավարական միջոցառումները

4. Հ. Ներսէս Պաղտիկեանի տեղեկագիրը, գրուած 1917 Յուլիս 22ին

Այս հատորին մէջ 450է աւելի վաւերագիրներ տեղ գտած են՝ գրուած 4 Հոկտեմբեր 1902էն մինչեւ 26 Մայիս 1918։








All the contents on this site are copyrighted ©.