2015-03-14 11:54:00

Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Եկեղեցին կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը  հրաւէր ու կոչ ուղղած է Լատին Ամերիկայի վեց երկիրներու առաջնորդներուն,  իրենց թեմերէն ներս ու ժողովրդապետութիւններուն մէջ կազմակերպելու ձեռնարկներ եւ արարողութիւններ ի յիշատակ մէկ ու կէս միլիոն հայ ազգի նահատակ զաւակներուն եւ որպէս աղօթքի միութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի մէջ նախագահելիք` Մեծ Եղեռնի  բիւրաւոր նահատակներուն նուիրուած սուրբ զոհին։

Ընդառաջելով Հայ կաթողիկէ առաջնորդի հրաւէրին, անցեալ կիրակի` 8 մարտ 2015-ին, Քարաքասի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Եորկէ Լիպերաթօ Ուրոզա Սապինոն, Քարաքասի Տոն Պոսքոյի սրբավայրին մէջ նախագահեց Սուրբ համապատարագի արարողութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանը ու Վենեզուելլայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհ. Կոմիտաս Սրբազան Օհանեան, ինչպէս նաեւ 1200 է աւելի  հայ եւ օտար հաւատացեալներ, որոնք աղօթքի միջոցաւ ուզեցին իրենց մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնել հայոց մեծ եղեռնի ժառանգորդներուն։

Այս առթիւ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով, Հայ ազգի քրիստոնէութեան 1700 ամեակի առթիւ, 2001-ին երանելի հռչակուած եւ 1915 ցեղասպանութեան նահատակ` հայ կաթողիկէ եպիսկոպոս` Երանելի Ինքնատիոս Մալոյանի Սրբանկարը տեղադրուեցաւ խորանին մօտ արժանանալով  հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ­, Արհ. Պօղոսեան գերապայծառը անդրադարձ կատարեց մեծ Եղեռնի իրականութեան ու անոր հետեւանքներուն, Ան ապա յայտնեց թէ ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Սուրբ Աթոռը որոշած է` բացի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 12 ապրիլի մատուցանելիք սուրբ պատարագէն,  հրատարակել նաեւ դրոշմաթուղթ նուիրուած` մեծ եղեռնի նահատակ Երանելի Ինքնատիոս Մալոյանին։

Սուրբ Զոհի աւարտին գերապայծառ Պօղոսեան  որպէս երախտագիտական նշան եւ որպէս շնորհակալութիւնըայս պատմական օրուան, Քառաքասի առաջնորդ կարդինալին յանձնեց Հայկական Խաչ մը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի գիրքը։ Սուրբ Գրիգոր նարեկացին որուն ''Տիեզերական Վարդապետի'' տիտղոսի շնորհումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն։

Յայտնենք թէ յառաջիկայ Կիրակի` 15  մարտ 2015ին ` նմանատիպ արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մեքսիքայի մէջ, նախագահութեամբ տեղւոյն առաջնորդ` Կարդինալ Նորպերթօ Ռիվերա Քարրերայյի եւ մասնակցութեամբ Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի։

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ կազմակերպուած սրբազան արարողութիւններու շարքին նախատեցուած են նաեւ երկու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու հաւաքի ընթացքին հայածէս սուրբ պատարագ­­ներ` առաջինը 22 ապրիլ 2015-ին, Պրազիլի մէջ, մասնակցութեամբ 450 կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն եւ երկրորդը 24 ապրիլ 2015-ին Արժանթինի մէջ որուն կը մասնակցին 80 եպիսկոպոսներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.