2015-03-13 12:40:00

Մեսրոպեանը կը գործակցի “Ուիքիմետիա Հայաստան”-ի հետ


13 Մարտ 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան այցելեց “Ուիքիմետիա Հայաստան” կազմակերպութեան նախագահ տիկին Սուսաննա Մկրտչեան եւ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան հետ, կազմակերպութեան հետապնդած նպատակներու շրջանակին մէջ գործակցութեան ծրագիրներ քննարկելու նպատակով:

Հանդիպումին վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու հայ աշակերտներու մայրենի լեզուի գրաւոր իմացութեան մեծապէս նպաստող  “Ուիքիմետիա Հայաստան”ի ծաւալած գործունէութեան: Կազմակերպութեան հետ գործակցութեան համադրումը ստանձնեց վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ եւ աշակերտական պլոկի  պատասխանատու խմբագիր պրն. Վարդան Թաշճեան: Համաձայնութիւն կայացաւ մասնակցելու  “Ուիքիմետիա Հայաստան”ի հրաւիրած յառաջիկայ երկու աշխատանքային սեմինարներուն, որոնք պիտի կայանան Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ, գործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին:

“Ուիքիմետիա Հայաստան” հիմնադրուած է որպէս համաշխարհային Ուիքիմետիա Հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ։ Կազմակերպության նպատակն է խթանել ուիքի նախագիծերու տարածումը և զարգացումը Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքին մէջ եւ հանրայնացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.