2015-03-13 10:15:00

Աշխարհի Ծայրամասէն եկած քահանայապետը։


(Ռատիօ Վատիկան)  

''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քահանայապետ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձը երախտագիտութեան զգացումներ կը յարուցէ Տիրոջ հանդէպ` Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին յոյսի եւ վստահութեան նշան մը շնորհած ըլլալուն համար, տագնապէ եւ ընդհանուր վախէ յատկանշուած պատմական այս ժամանակաշրջանին''։ Այսպէս կը գրէ Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը` Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին առթիւ։

Արդարեւ 13 մարտ 2013-ի` երեկոյեան ժամը 19,06-ին­, Սիքստինեան Մատրան բուխերիկը կ՛աւետէր նոր Պապի մը ընտրութիւնը։

Պապընտիր Ժողովին - Քոնքլաւի- համախմբուած 115 կարդինալները, Պենետիկտոս ժԶ վաստակաւոր Քահանայապետի հրաժարականէն ետք ընտրած էին Տիեզերական Եկեղեցւոյ 266րդ Քահանայապետը յանձինս` Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի։

''Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը Քահանայապետ մը ունինք, վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ, Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ, որ կը ստանայ ֆրանչիսկոս անունը''­, Սարկաւագ Կարդինալներու առաջին` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի այս բառերով աշխարհը կը ծանօթանար աշխարհի ծայրամասէն եկած նոր Քահանայապետին ու անոր յատկանշական անունին` Ֆրանչիսկոս, նման Ասիզացիի սուրբին։

Այսօր` 13 Մարտ 2015-ին, կը նշուի այդ պատմական օրուան երկրորդ տարեդարձը։

Երկու տարուայ ընթացքին աշխարհը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու հեռուէն եկած այս քահանայապետին, որ իր պարզութեամբ, հայրական մօտեցումով եւ սրբակեաց կենցաղով գիտցաւ սիրաշահիլ բոլորին սրտերն ու հոգիները նոյնիսկ անոնցը որ հեռացած էին եկեղեցիէն եւ կամ տարբեր կրօնի ու դաւանանքի կը պատկանին։

''Աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար'', այս եղաւ ու կը շարունակուի ըլլալ Ֆրանչիսկոսի նշանաբանը։ Աղքատ ոչ թէ նիւթականով, այլ աղքատ ինքնութեամբ, նման առաջին եկեղեցւոյ, Յիսուսին ու անոր աշակերտներուն, այդ պարզ ու մաքուր սրտով մարդոց որոնք ներշնչուած սուրբ Հոգիէն կարողացան համայն աշխարհին տարածել բարի լուրն ու աւետիսը` մարդկութեան փրկութիւնը։

Չզլացաւ Ֆրանչիսկոս յանդիմանելէ կղերական դասը` յորդորելով ըլլալու բարի օրինակ ոչ միայն խօսքով այլեւ ապրելակերպով, կեանքի որպէս կեդրոն ընտրելով միայն ու միայն Քրիստոսը որ է իսկական կեանքի դերակատարը։

Եպիսկոպոսը –ըսաւ Ան – ղեկավար մը չէ, այլ ծառայ։ Քահանան` այլ ոմն Քրիստոս ու Եկեղեցւոյ ծառայողը նուիրեալ եւ անձնուրաց։

Իր վարուելակերպով եւ շարժուձեւերով ցոյց տուաւ թէ կարելի է իսկապէս ապրիլ ''եղբայրութիւնը'', մէկդի դնել տարբերութիւնները կեդրոնանալով միացնող եղելութիւններու վրայ։ Եղբայր կոչեց ու եղբօր նման վարուեցաւ քոյր եկեղեցիներու գահերէցներուն հետ։ Իր հեզութեամբ բացայայտեց թէ ի՞նչ ըսել է ծառայել եկեղեցւոյ ու Քրիստոսի, Ի՞նչ ըսել է չփնտռել անձնական շահերն ու գոհունակութիւն այլ կատարել ու համակերպիլ Աստուծոյ ծրագրին ու կամքին։

Երկու տարուայ ընթացքին պայքարեցաւ ու կը շարունակէ պայքարիլ աւելի խաղաղ ու համերաշխ աշխարհի մը համար։ Դատապարտեց մարդուն մարդու դէմ գործադրուած վայրագութիւնները, կրօնի անունով իրագործուած բռնութիւնները, մարդավաճառութիւնը, մանուկներու եւ կիներու շահագործումը, թիկունք կանգնեցաւ գաղթականութեան ճանապարհը ընտրող անհատին ու անոր արժանաւորութեան։ Արցունք թափեց ի տես մարդու եւ բնութեան դէմ գործուած սարսափելի արարքներուն ու կոչ ուղղեց համայն աշխարհի բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց ամէն ջանք դափելու ու աշխատելու աւելի արդար ու աւելի խաղաղ աշխարհի մը կերտումին ի խնդիր, ուր ամէն մարդ անհատի արժանապատուութիւնը ոտնակոխ չ՛ըլլայ, չչարաշահուի եւ յարգանքի արժանանայ։ Ընդգծեց ''հանդիպումի մշակոյթը'' կարեւորութիւնը, դէպի դուրս` մարդու էութեան արուարձանները տանող եկեղեցւոյ ուղեւորութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ի գործ դրաւ Եկեղեցական կառոյցի բարենորոգումի աշխատանքները ի սպաս արդի աշխարհի եւ ընկերութեան հետ երկխօսութեան ամրապնդումին ու հաւատացեալներու կարիքներուն հովուական խնամակալութեան նոր մօտեցումին։

Աշխարհի ծայրամասէն եկած բայց բոլորին սրտին մօտիկ քահանայապետ Ֆրանչիսկոս, երկու տարիներ առաջ, Սուրբ Պետրոսի պատշգամէն կը յայտնուէր աշխարհին ու իր արտասանած առաջին խօսքերով ու շարժուձեւերով թափանցեց մարդոց սրտերը` ''խնդրեմ ինծի համար աղօթեցէք'' ըսաւ Ան, նախադասութիւն մը որ երկու տարիներէ կը կրկնուի, ու պիտի շարունակուի կրկնուիլ, որովհետեւ աղօթքի մէջ է որ քրիստոնեան իր զօրութիւնն ու ուժը կը գտնէ։ Աղօթքը որ երկխօսութիւն մըն է Աստուծոյ հետ։ Աղօթքը որ էական է ամէն մէկ քրիստոնեայի կեանքին համար ու յատկապէս անոր որուն յանձնուած է Քրիստոսի Եկեղեցւոյ ղեկը։

Եկէք այսօր` Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան երկրորդ տարեդարձին առթիւ, ընդառաջենք անոր խնդրանքին,պահ մը ամփոփուինք ու լրութեան մէջ աղօթենք, հայցելով անոր վրայ Աստուծոյ հովանին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.