2015-03-12 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին պաշտօնապէս շնորհեց ՙԸնդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետի՚ տիտղոսը։


Հայ Եկեղեցւոյ մէջ վարդապետելու իշխանութիւնը կամ վարդապետական աստիճանը յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Անշուշտ կարելի չէ այս հաղորդաշարին մէջ քննարկել հայ եկեղեցւոյ վարդապետական աստիճանի ամբողջ պատմութիւնը եւ անոր վերլուծումը։ Հոս կրնանք մէջբերել միայն որոշ վկայութիւններ հայ եկեղեցւոյ պատմութենէն կամ եկեղեցական մատենագրութենէն։

Րաբբունի բացատրութիւնը, որ գործածուած է Ս. Գրքի մէջ՝ բուն իմաստով կը նշանակէ ուսեալ, մասնագիտացած. ապա նաեւ՝ ուսուցիչ, վարդապետ։

Իսկ լատիներէն բացատրութիւնը ՙDocere, docensՙ որմէ կը հետեւի ՙdoctor՚ բացատրութիւնը ՙվարդապետ՚, ՙուսուցիչ՚ իմաստներով։ Վերջին պարագային ՙվարդապետը՚ այն անձն է, որ իրաւունք կը ստանայ ուսուցանելու, այն որ ունի պէտք եղած պատրաստութիւնը կամ մասնագիտացումը։

Գրիգոր Նարեկացի, հռչակուած ՙԸնդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՚ ինքն իսկ իր Մատեան Ողբերգութեան երկին մէջ մեզի կու տայ վարդապետ գաղափարի քանի մը նկարագրականներ։

Գրիգոր Նարեկացի, իր երկին մէջ խօսելով Քրիստոսի մասին կը գրէ՝ «Ան, որ ամէն ինչ ստեղծեց եւ ամէն ինչի կեանք կու տայ՝ նախ ստեղծագործեց՝ իսկ այժմ կը ներգործէ անոնց մէջ։ Գոյութիւն տուաւ, սակայն միշտ կը կատարէ հրաշալիքներ եւ սքանչելիքներ ... կը ներշնչէ մարգարէներ, առաքեալներ եւ վարդապետներ՝ հանճարի կրթութեան վարժեցնողներ։» (Բան ՀԵ.Ը.)

Իսկ ուղղելով իր աղօթքը Քրիստոսի՝ կը գոչէ «իբր վարդապետ՝ ինծի՝ անգէտիս յագուրդ կու տաս» (Բան ՀԶ.Բ.)

Ուրեմն ըստ Նարեկացիի վարդապետը ՙհանճարի կրթութեան վարժեցնողն է՚։ Ուուսցանել կարող է սակայն այն անձը, որ ինքն իր կարգին ՙվարժեալ՚ է ուսումներու մէջ։

Առաքեալներու ներբողին մէջ Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ՝ «Արդ, եթէ Երրորդութեան իսկութիւնը ձեր միջոցաւ ճանչցուեցաւ, եւ արարիչը ձեր միջոցաւ հռչակուեցաւ եւ Աստուծոյ որդին ձեր բերնով քարոզուեցաւ, եւ երկնային բարիքներու անքննելի խորհուրդը երկրի վրայ յայտնուեցաւ, ապա կը դաւանինք որ դուք առաւել եւս երկնայիններ էք քան երկրայիններ։» (Ներբող Առաքելոց Ի.)

Արդ՝ վարդապետողը այն անձն է, որ կը ճանչցնէ հաւատացեալին սուրբ հաւատքի ճշմարտութիւնները, իրաւասութեամբ կը քարոզէ եւ կը հռչակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը։

Ապա նոյն ներբողին մէջ Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ նշելով Առաքեալներուն՝ «Ասոնք մեր նախնիքներն են, մեր ծնողքը ըստ մկրտութեան, մեր գիտութեան դաստիարակները, մեր՝ աշակերտեալներուս ուսուցիչները, բարիքներու դաւանութեան ուսուցիչները, սուրբ եկեղեցւոյ հիմնադիրները, արդարութեան ծառայութեան կցորդակիցներ ... (Ներբող Առաքելոց ԻԳ.)

Այս տողերուն մէջ կը շեշտուի վարդապետի պաշտօնը՝ ըլլալու կցորդակից արդարութեան ծառայութեան, դաստիարակ եւ ուսուցիչ ճշմարիտ դաւանութեան։

Վերջապէս՝ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Եպիսկոպոսին ուղղած իր ներբողին մէջ կը գրէ՝ «Ան՝ Քրիստոս կարգեց ոմանք իբր Առաքեալներ, ոմանք իբր մարգարէներ ... ոմանք իբր վարդապետներ, որպէս զի ուսուցանելու աշխատանք տանին, հաստատելու համար սուրբերը խաբէութեան հողմերուն դէմ, եւ Տիրոջ մատուցանել ծառայութեան աշխատանքը։» (Ներբող Յակոբ Մծբնայ Եպիսկոպոսի, Դ.)

Վարդապետը, որ կ´ընդունի իր ուսուցումը Քրիստոսէ, աստուածային վարդապետէն՝ պարտականութիւնն ունի ուսուցանելու աշխատանք տանելու եւ հաւատացեալները հաստատելու իրենց հաւատքին մէջ, որպէսզի անոնք չտարուին հողմերէն, այսինքն՝ սուտ վարդապետութիւններէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.