2015-03-11 12:04:00

Քորէական եկեղեցւոյ զարմանահրաշ պատմութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քորէայի եկեղեցին իր պատմութեան արշալոյսին` 18-րդ դարուն, կը հաշուէր փոքրաթիւ հասարակութիւն մը, մինչ Քորէայի քրիստոնեաները այսօր կը հաշուեն միլիոնաւոր հաւատացեալներ։

Քորէայի Եկեղեցւոյ պատմութիւնը նման է ''Գործ Առաքելոցի'' պատմութեան։ Այս Եկեղեցին սկիզբ առաւ 200 տարիներ առաջ։ Քորէան այդ դարաշրջանին հպատակ էր Չինաստանի, որ իր Արքունիքի մէջ կ`ընդունէր եւրոպացի գիտնականներ, որոնց կարգին` կաթողիկէ եկեղեցականներ։ Քորէացի գիտնականները գաղտնօրէն իրենց երկիրը կը տանէին չինական գիրքեր, ներառեալ եկեղեցական գիրքեր։

Այդ գիտնականներուն մաս կը կազմէր ''Լի Պիոք'', որ ինքզինք նուիրած էր քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան եւ կ`աշխատէր շփման մէջ մտնելու իմաստասէր քրիստոնեաներուն հետ։ Երեք շաբաթ վիճաբանելէ ետք Յիսուսեան հայրերուն հետ, կը խնդրէ մկրտուիլ եւ կ`առնէ Պետրոս անունը։ 1784-ին մէջ ենք։ Քորէա վերադարձին, ան իր մտերիմ ընկերներուն կը ճանչցնէ քրիստոնէական կրօնքը եւ անոնք ալ իրենց կարգին կը խնդրեն մկրտուիլ, ու այսպէսով քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը կը սկսի աճիլ։

Շուտով պաշտօնական միջավայրին մէջ կը խօսուի քրիստոնեաներու ներկայութեան մասին, որոնք քաղտնաբար կը ժողովէին։ Իշխանութիւնը զանոնք կը նկատէ որպէս վտանգաւոր տարրեր։ Հարցը կը ծագի երբ ոստիկաններկը կը ներխուժեն քրիստոնեայ` Թովմաս Քիմի տունը, որ կը գտնուէր Սէուլի կեդրոնը, եւ հոն կը գտնեն քրիստոնեաներու մէկ խումբ մը։ Հարցը մեծ աղմուկ թը պատճառէ։ Ոստիկանութիւնը կը ցրուէ խումբը եւ Թովմաս Քիմ աքսորի կը ղրկուի։ Սկիզբ կը տրուի քրիստոնեայ հասարակութեան հալածանքին։

Ինչպէս եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը սորվեցնէ, առաջին հալածանքը պատճառ կը դառնայ քրիստոնեաներու թիւին աճումին։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը բազմապատկուի եւ Փեքինի եպիսկոպոսը` 1794-ին, գաղտնաբար քահանայ մը կ՛ուղարկէ `յանձին Ժագ Ժուի, որ 16 Օգոստոսին երանելի պիտի հռչակուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ։ Ան, Սէուլ կեցութեան ընթացքին, գիշերները տունէ տուն Աւետարանը կը քարոզէ, քրիստոնեաները կը քաջալերէ հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ եւ եկեղեցւոյ խորհուրդները կը մատակարարէ։

Քրիստոնեաներու թիւը չորս հազարէն տասը հազարի կը բարձրանայ։ Վեց տարուայ պտղաբեր առաքելութենէ ետք, ոստիկանութիւնը զայն կը ձերբակալէ, ու ապա մահուան կը դատապարտուի։

Չինաստանի եկեղեցին քահանայ չունենալով, Քորէայի քրիստոնեաները Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին կը դիմեն։ Ան իր կարգին Փարիզի օտար միսոնարներու միաբանութենէն կը խնդրէ որ առաքեալներ ուղարկէ Քորէա։ Առաջինը կ՛ըլլայ  հայր Բարթողոմէոս Պրուկիէր որ երեք տարուայ ուժասպառ ճամբորդութենէ մը ետք, առանց կարողանալու իր առաքելավայրը հասնիլ, ճամբու վրայ կը մահանայ։ Այլ երկու քահանաներ անոր կը յաջորդեն. Հայր Փիեր Մոպոն եւ Ժագ Շասդան որոնք դարձեալ գաղտնաբար Քորէա կը մտնեն եւ մի քանի ամիս ետք երեք դպիրներ քահանայութեան կը պատրաստեն։ 1836-ին, երեք քահանաները կը ձերբակալուին եւ կը գլխատուին։ 1866-ին Քորէայի քրիստոնեաները մեծ հալածանքի կ`ենթարկուին եւ որուն ընթացքին աւելի քան տասը հազար քրիստոնեաներ կը նահատակուին։ Քահանաները կը ջարդուին եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը դարձեալ առանց հովիւի կը մնայ։

Հետաքային Քորէական կառավարութիւնը համաձայնագրեր կը ստորագրէ Արեւմուտքի հետ եւ կը ճանչնայ կրօնական ազատութեան իրաւունքը։

1886-ին կաթողիկէ հասարակութիւնը կը հաշուէ 20 հազար եւ այդ թուակնէն սկսեալ եկեղեցին հետզհետէ կը պայծառանայ, կ`ունենայ տպագրատուներ, կը կառուցանէ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ կը բանայ դպրեվանքեր։

1890-1933 գերապայծառ Կիւսդաւ Միւթել կը ձեռնադրէ 64 տեղացի քահանաներ։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք եւ Հիրոշիմայի ու Նաքազաքի ռմբակոծումէն ետք, Քորէան երկուքի կը բաժնուի` հարաւային Քորէան` ԱՄՆի Հովուանաւորութեան կ`անցնի իսկ հիւիսային Քորէան կը ստանայ  Սովետական Միութեան պաշտպանութիւնը։

1953-ին համայնավար Քորէայի մէջ կը մնայ քրիստոնեայ փոքրաթիւ հասարակութիւն մը, առանց եկեղեցականի։ Իսկ հարաւին մէջ եկեղեցին կը ծաղկի։ Վերջին 60 տարիներուն ընթացքին հաւատացեալներու թիւը180 հազարէն կ`անցնի 5 միլիոնի։ Բողքական եկեղեցին նոյնպէս մեծ ծաղկում կ`արձանագրէ։ Ներկայիս անոնք կը հաշուեն աւելի քան 10 միլիոն։ Հարաւային Քորէայի բնակչութեան մէկ երրորդը քրիստոնեայ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.