2015-03-11 15:14:00

Քահանայապետական Կրէկորիանա համալսարանի տարեկան ուսումասիրութեան Օր


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 11 մարտին, Հռոմի Կրկէորիանա Քահանայապետական համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ ակադեմիական տարուայ ուսումնասիրութեան օրը։

2015-ի  ուսումնասիրութեան օրուայ նիւթն է ՝՝Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է. Մարդկային պատասխանատուութիւնը, Քրիստոնեայի յանձնառութիւնը''։

Համալսարանի իւրաքանչիւր գիտական բաժանմունքը ներկայացուց նիւթին առընչուող իր հեռանկարները։

Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուաղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը, դասախօութիւն մը  կատարեց, որուն ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ  Խաղաղութեան ի սպաս Սուրբ Աթոռի տածած աշխատանքներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.