2015-03-11 11:47:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Խածնուած Լեզուն Դաս Չէ՛ եղած


Աշխարհը ցնցող տնտեսական տագնապները ՜՜Ժամանակ առ ժամանակ՝՝ պատճառ կը դառնան որ բազմաթիւ անձեր անգործութեան մատնուին: Իսկ նոր գործի դիմումնագիր ներկայացնելու համար, դիմողներ ներկայ դարու պայմաններով, պէտք ունին կա՛մ նախկին աշխատավայրէն տրուած բարի վարուց վկայագիրի, եւ կամ՝ երաշխաւորի:

Նման կացութեան մէջ, երաշխաւոր դառնալիք անձեր մտավախութիւն կ՛ապրին յաճախ, ինչքան ալ մօտէն ճանչցած ըլլան այն մարդը, որուն մասին լաւ վկայութիւն տալէ բացի, պիտի երաշխաւորեն զայն: Ոմանք սկզբունքի վերածած են բնա՛ւ երաշխաւոր չըլլալ ուրիշին, նոյնիսկ եթէ անիկա իր հարազատ եղբայրն է, պարզապէս այն պատճառաբանութեամբ, որ մարդ արարածը անպայման կ՛ունենայ այնպիսի պահեր իր աշխատանքի ընթացքին, երբ իր անձը կառավարելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ, ու այնպիսի վարմունք ցոյց կու տայ, որ երաշխաւորին անունը ու վաստակը կ՛արատաւորէ:

«Ուրիշին պատճառ չըլլալ» նախադասութիւնը նաեւ այլ նշանակութիւն ունի մեր լեզուին մէջ, որ է՝ «ուրիշին դժբախտութեան պատճառ չըլլալ»ը: Ասիկա աւելի տարածում գտած ըսելաձեւ է, որ յաճախ կÿօգտագործուի Արեւմտահայերէն լեզուին մէջ: Ասոր նման են նաեւ «ուրիշին մեղքը չմտնել», «ուրիշին արեան մէջ ձեռքը չթաթխել», «Ուրիշին մեղքը վիզը չառնել» եւ այլ նմանիմաստ արտայայտութիւններ, որոնք բոլորն ալ ուրիշին դժբախտութեան պատճառ չըլլալու նշանակութիւնը ունին:

Հոգեբանական երեւոյթներու շարքին կարելի է դասել այն, որ երբ մէկը իսկապէս պատճառ դարձած է ուրիշներու դժբախտութեան, ինչքան ալ քարսիրտ անձ ըլլայ, կը փորձէ ամոքել իր ներքին դժուարութիւնը, եւ հանդարտեցնել անհանգիստ խիղճը: Իսկ այս փորձը, անիկա կը կատարէ ո՛չ թէ ներողութիւն խնդրելու քաջ արարքով, այլ՝ իր կատարածները ուրիշին վրայ բեռցնելու երկրորդ, ու իր մեղքը աւելի ծանրացնող յանցանքով…: Այսպէս, երբ իր տուած սուտ վկայութեան իբրեւ հետեւանք մէկը կորսնցուցած է իր ապրուստի միակ ճամբան եղող աշխատանքը, խղճի խայթէ տառապողը խոստովանանքը չընտրեր իբրեւ սպեղանի իր կոտտացող ցաւին, այլ՝ կը փնտռէ մէկը, որուն շալակը տայ անցեալին իր գործած մեղքը: Ահա թէ ինչպէս, շատե՜ր այս կեանքին մէջ, անգիտակցաբար կը դառնան «քաւութեան նոխազ»: Յանցանքին հեռացումը մեր վրայէն, անոր ջնջումը կամ անհետացումը չի՛ նշանակեր բնաւ: Երկնային ամենատես Աչքը անքուն կը հետեւի այս խաղերուն, ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլան զանիկա լաւապէս կազմակերպողներն ու խաղցողները:

Ամէն օր բարոյական նոր տագնապներ ապրող մարդկութիւնը, իր մորթին վրայ զգալով անոնց հետեւանքները, կարելի կազմակերպուածութեամբ մանուկներու դաստիարակութիւն կը կատարէ:

Մանուկներու դաստիարակութեան մէջ անուրանալի է մօր դերակատարութիւնը, որուն կատարած իւրաքանչիւր սխալը անպայման պիտի արտացոլայ հետագային մեծցող մանուկին կեանքի հայելիին մէջ: Ահա այս իմաստով է որ կ՛ըսուի. «Մայրը սխալելու իրաւունք չունի»: Բացայայտ իրողութիւն է, որ մանուկներ շատ դիւրաւ կ՛ընդօրինակեն իրենց մօր ո՛չ միայն շարժուձեւերը, այլ նաեւ բնաւորութիւնը: Վա՜յ այն մօր, որ անպատասխանատու իր մօտեցումով թոյլ կու տայ որ իր սեփական բնաւորութեան յոռի երեւոյթները դրոշմուին իր զաւակի նկարագրի լուսապաստառին վրայ:

Մօր տուած դաստիարակութեան կ՛ընկերանայ ու զանիկա կ՛ամբողջացնէ զաւակներուն տուած իր քաջալերանքը: Այդ քաջալերանքը սակայն, կրնայ ըլլալ կամ  դրական եւ կամ դէպի ժխտական տանող (մէկ խօսքիվ դէպի կործանում:

Սերունդներու դաստիարակութեան մեծապէս  նպաստած է հաւնոցէն հաւկիթ գողնալու արարքի բարոյալից պատմուածքը, որը ըստ երեւոյթին տակաւին շատերուն անհասկնալի մնացած է: Դրացիին հաւնոցէն հաւկիթ գողցող իր տղուն «քաջագործութիւնը» քաջալերելով, մայրը պատճառ կը դառնայ որ ան աւելի մեծ գողութիւններու ձեռնարկէ, ու հասնի թագաւորին ձին գողնալու քրէական յանցանքին: Կախաղան բարձրանալէ առաջ, երբ երիտասարդ գողին վերջին փափաքը յայտնել կ՛առաջարկեն, կախաղանին քով արցունքոտ աչքերով կանգնած իր մայրը մօտը կանչել տալով, մահապարտ տղան անոր լեզուն կը խածնէ, որ պատճառ դարձած էր այդ տխուր վախճանին:

Եւ սակայն, խածնուած այդ լեզուն տակաւին դաս չէ եղած:

Այսօր ինչքա՜ն շատցած են այնպիսի մայրեր, որոնց լեզուն վաղո՜ւց խածնուած պէտք է ըլլար, որպէսզի դէպի ժխտական ու յոռի վարք առաջնորդող քաջալերանք չկատարէին իրենց ծնած զաւակներուն: Ընկերային կեանքի դժուարութիւններուն մեծ մասը, սխալ դաստիարակութեան ու տգիտութեան հետեւանք են: Բարոյալից պատմուածքին մէջ յիշուած դժբախտ երիտասարդին նման թշուառներով լեցուն է այսօրուան մեր ընկերութիւնը: Ոմանք իրենց զաւակներուն տունը կը քանդեն իրենց տուած սխալ դաստիարակութեամբ ու վատ խորհրդատուութեամբ: Ուրիշներ անոնց ուսման ու յառաջդիմութեան արգելք կը հանդիսանան, դարձեալ իրենց տուած ժխտական քաջալերանքով, երբ զանոնք ուսման մղելու փոխարէն, շուտով դրամ վաստակելու եւ ընտանիքին օգտակար հանդիսանալու խրատը կու տան: Կան նաեւ աւելի վատ օրինակներ, երբ իրենց վրէժխնդրութեան մասնակից դարձնելով իրենց զաւակները, զանոնք կը մղեն ոճիրի, քանդելով ո՛չ միայն անոնց ապագան, այլ նաեւ նկարագիրը:

Խածնուած լեզուն չէ՛ դադրած բարբառելէ մինչեւ այսօր, հակառակ արիւնլուայ ու ցաւագին իր վիճակին: Թերեւս անկէ հոսող արիւնը ցարդ խեղդած ըլլար ժխտական քաջալերանք կատարող անձը: Սակայն չարիքի հետամուտ մարդը ամէն կացութեան մէջ ալ գիտէ չար խորհուրդներով առաջնորդել նոյնիսկ իր հարազատ զաւակը, մինչեւ անոր կործանումը իր աչքերուն դիմաց…:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.