2015-03-10 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 10 մարտի քարոզը ''Աստուած միշտ կը ներէ բայց՝ Ան կը հայցէ, որ ես ալ ներեմ ուրիշներուն''։


Աստուծմէ՝ ներում հայցելու համար պէտք է հետեւիլ Յիսուսի մեզի սորվեցուցած  Տէրունական Հայր Մեր աղօթքին, անկեղծօրէն զղջալով մեր գործած մեղքերուն համար, եւ գիտակցելով, թէ Աստուած միշտ կը ներէ, եւ Աստուծոյ միեւնոյն Սիրոյ անհունութեամբ ներել ուրիշները։

Ասիկա եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանյապետին, երեքշաբթի, 10 մարտին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը. ուր Յիսուս կը յորդորէ Սուրբ Պետրոսին. ՝՝ներել եօթանասուն անգամ եօթը՝՝. Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, թէ Աստուծոյ մեզի շնորհած ներումը անքակտելիօրէն կապուած է մեր՝ ուրիշին շնորհած ներումին։

Մէջբերելով Սուրբ գիրքէն զանազան օրինակներ Ֆրանչիսկոս Պապը բացայայտեց

տարբերութիւնը ընդմէջ ''ներում հայցելու'' եւ ''չքմեղանքի''։  Մեղք գործելը  պարզապէս սխալ մը չէ , մեղքը  կռապաշտութիւն է,  պարծանքի,  հպարտութեան , դրամի , անձնասիրութեան եւ հանգստաւէտութեան կուռք ։

Ներումը սրտանց կը խնդրուի , եւ սրտանց կը շնորհուի անոնց՝ որոնցմէ, չարիք ստացած ենք։

Ներումի ուժականութիւնը ի յայտ կու գայ Յիսուսի մեզի սորվեցուցած Տէրունական աղօթքէն հաստատեց Սրբազան Հայրը ըդնդգծելով, թէ ''Եթէ կարող չեմ ներել,  ուրեմն  անկարող եմ նաեւ ներում հայցել''։

Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց  մատնանշելով, թէ Աստուած միշտ կը ներէ ։ Բայց՝ Ան կը խնդրէ,  որ ես ալ իմ կարգիս միշտ ներեմ ։ Ուստի՝ եթէ ես չի ներեմ, Աստուծոյ առջեւ դուռը փակած կ՝ըլլամ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.