2015-03-10 08:46:00

Կարդինալ Սանտրիի միջամտութիւնը Գթութեան Տիրամօր ընտանիքի ժողովին:


(Ռատիօ Վատիկան) 
6-8 Մարտ, Իտալիոյ Նեմի շրջանին մէջ, տեղի ունեցաւ` ''քրիստոնեաները աշխարհի ամենէն հարստահարուածներն են'' նիւթին մասին, Գթութեան Տիրամօր ընտանիքի 26-րդ հաւաքը։
Շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, կարդինալ Սանտրի` Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչը, հրաւիրուեցաւ դասախօսութիւն մը տալու ժողովականներուն, որուն նիւթն էր` ''Եկեղեցւոյ աղօթքն ու գործը հաւատքի համար տառապող եղբայրներուն ի խնդիր''։
Իր կատարած երկարաշունչ դասախօսութեան ընթացքին, Վսեմաշուք ծիրանաւորը` Արեւելեան եկեղեցիներուն համապատկերը ներկայացուց, որոնք Քրիստոնէութեան արշալոյսին ստանձնեցին պարտականութիւնը Աւետարանը քարոզելու, այդ ժամանակին ճանչցուած ազգերուն, հասնելով մինչեւ հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքը` Հռոմ, առանց մոռնալու Արեւելքի մեծ կեդրոնները`Աղեքսանդրիան ու Անտիոքը, Կ.Պոլիսը, Միջագետքը, Հայաստանը ու Հնդկաստանը, այսօրուան Քերալան։
''Այդ բոլոր հողամասերու մէջ, դարերու հոլովոյթին, պատերազմներու ու հալածանքներու հետեւանքով, քրիստոնեաները  մշտատեւ  հալածանքի ենթարկուեցան'' ըսաւ Կարդինալը ակնարկելով կիրակի 8 մարտին,   Տոմիդիլլա գետնադամբանին մէջ, ս. Զոհին որուն քարոզը արտասանեց  Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդ` արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը։
Սուրիան երկար տարիներէ թիրախ է բռնութեան ու պատերազմի։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անխոնջ կը կրկնէ ‘’կարելի չէ մտաբերել Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն’’, անոնք երկու հազար տարիներէ հոն կը բնակին։ Անոնք պէտք են շարունակել ապրիլ որպէս լի-իրաւ քաղաքացիներ։
Մեր սիրտը սգաւոր է Միջին Արեւելքի բազմաթիւ մահերու պատճառաւ։ Կը մտաբերեմ  Յիսուսեան հայր Frans Van Der Lugt-ը, սպաննուած Հոմսի մէջ 7 Ապրիլ 2014-ին, ան ընտրեց մնալ իր ժողովուրդին մօտ։ Անդադար կ’աղօթենք ու կը յուսանք առեւանգուած բազմաթիւ անհատներու ազատագրումը, ներառեալ Հալէպի յոյն եւ ասորի օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսները, հայազգի զաւակ հայր Միքայէլ քահանայ Քայալէ, յիսուսեան հայր Dall'Oglioն։ Անոնք կալանուած են իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար - հաստատեց Կարդինալը ու ապա անդրադարձաւ  Իրաքի ներկայ ցաւալի կացութեան։ Հիացումով կը լեցուինք  երբ կը կարդանք քահանաներու, նորընծաներու, կրօնաւորներու նուիրումի մասին` օգնութեան հասնելու Աստուծոյ ժողովուրդին։ Անոնց ներկայութիւնը քաջալերանք մըն է որպէսզի քրիստոնեաները չհեռանան։ Ձեր նիւթական օգնութիւնը սփոփանք մըն է հոն դիմադրող քրիստոնեաներուն - ըսաւ  կարդինալը-  հրաւիրելով ու քաջալերելով  Գթութեան Տիրամօր միաբանութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս տուներ բանալու եւ օգնութեան հասնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։
Մինչ կ’աշխատինք հիւրընկալել Միջին Արեւելքի փախստականներն ու գաղթականները խորհինք անոնց տուած վկայութեան ու վերակենդանացնենք մեր ցամաքամասի քրիստոնէական արմատները, թելադրեց ապա Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը հրաւիրելով  ''Մեր վստահութիւնը դնենլ Տիրոջ` Յիսուսի վրայ, որպէսզի շուտափոյթ ծագի խաղաղութեան ու հաշտութեան ժամանակը ու Միջին Արեւելքի մեր եղբայրները կարողանան վերադառնալ իրենց հողը որպէս լի-իրաւ քաղաքացիներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.