2015-03-10 13:51:00

Ընդունիլ Յիսուսի հպումը


Սկզբնական մեղքի ողբերգութեամբ, որով մարդս չհնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ խանգարեց այն ներդաշնակութիւնը որ կար իրեն՝ ստեղծագործութեան ու Ստեղծողին միջեւ, մարդկային երկրաւոր ճամբան լի է արգելքներով, տանջանքներով, արտաքնապէս անհասկանալի երեւոյթներով: Մարդս փնտռտուքի մէջ է իր կեանքն իմաստաւորելու. եւ միաժամանակ փնտռելու օգնութիւն մը՝ մխիթարութիւն մը, աշխարհի չարին դիմաց ու ինքնիր մէջ գտնուած չարի հակասութեան դիմաց:
Ահաւասիկ թէ որ հեռումի / համաբնագիրի մէջ կրնանք մարդեղութեան խորհուրդը հասկնալ, Աստուծոյ Որ-դին աշխարհ գալու խորհուրդը: Խոր-հուրդ՝ որ Յիսուսի ամբողջ կեանքէն լուսաւորուած է ինչպէս Աւետարանը կը պատմէ մեզի:
Այս հատուածին մէջ կը տեսնենք Յիսուսը որ, նստած լճի ափին, կը տեսնէ բազմութիւն մը հիւանդներու եւ ախտաժէտներու որ իրեն կու գան, ու կը լծուի բժշկելու զիրենք: Ապա, տեսնելով որ ամբոխը կը շրջապատէ զինք, եւ ուտելիք չունին, կը կատարէ հացերու բազմացման հրաշքը՝ կշտացնելով բոլորը:
Այդ բոլոր հիւանդներուն եւ անօթիներուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր դժուարութիւնները, հարցերը, անկումները, լաւագոյն բանի մը ծարաւը՝ որ կարենայ լիացնել իր սիրտն ու հոգին: Ասոր համար է որ եկած է Յիսուս:
Մարդս զրկուելով Աստուծոյ հետ յարաբերութենէն, իր Ստեղծիչին հետ, այլեւս իր կեանքին իմաստը չի գտներ, եւ ոչ իսկ այն ուժը՝ որ զինք առաջնորդէ այն նպատակին՝ որուն կը դիմէ: Յիսուսի մէջ կը գտնենք բժիշկը՝ մեր բոլոր հիւանդութիւնները բժշկող, եւ մեր հոգեկան կարիքներուն առողջ սնունդը պարգեւելու:
Տէ՜ր, միայն զիս բժշկելով չես գոհանար, այլ կ'ուզես դառնալ նաեւ բարեկամս: Եւ Սուրբ Հաղորդութեան ներկայութեամբդ՝ Դուն մնացիր ինծի հետ երկրիս վրայ:
Տէ՜ր, ես ալ չեմ ուզեր այլեւս քեզ մոռնալ, ես ալ կ'ուզեմ ըլլալ բարեկամդ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան
 








All the contents on this site are copyrighted ©.