2015-03-10 13:31:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի Մոխրոց Օրուան նամակը՝ Սուրբ Երկրի ի նպաստ հանգանակութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 

(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Սանտրի Մոխրոց Օրուան թողարկուած նամակով մը՝ կոչ ուղղած է Սուրբ Երկրին ի նպաստ գոյանալիք հանգանակութեան մասնակցելու։

Վսեմաշուք Կարդինալը կը գրէ՝ Երբ Կաթողիկէ Եկեղեցին Աւագ Ուրբաթ օր կը կատարէ Քրիստոսի չարչարանքներու յիշատակը՝ աղօթքով եւ հանգանակութեամբ Սուրբ Երկրի հաւատացեալներուն եւ անոնց հաստատութիւններուն օգնութեան ձեռք կ´երկարէ՝ յատկապէս ներկայ պայմաններուն, ուր ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը տագնապի մէջ կը գտնուի։

Զատկական ապաշխարանքի ժամանակաշրջանը մեզ կը հրաւիրէ մեր ուշադրութիւնը ուղղելու այն վայրերուն, ուր կը գտնուի մեր հաւատքի սկիզբը, ուր առաջին քրիստոնեայ համայնքը Քրիստիսի հետեւողութեամբ կը հաւաքուէր, եւ ուր Պօղոս Առաքեալ կոչ կ´ուղղէր ՙհանգանակութեամբ օգնել այն աղքատ սուրբերուն, որոնք կը գտնուին Երուսաղէմի մէջ։՚ (Հռովմ ԺԵ. 26։ Գաղ Բ. 10։ Ա. Կոր ԺԶ.։ Բ. Կոր Ը.-Թ.)

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ՝ Առաքեալին նման մեզի կոչ կ´ուղղէ անդրադառնալով՝ թէ վերջին ամիսներու անցուդարձերը պատճառ դարձած են մեծ տառապանքի, որ երկինք կը գոռայ եւ մեզ բոլորս կը յորդորէ նպաստելու՝ ըլլա´յ աղօթքով ըլլա´յ որեւէ այլ նախաձեռնութեամբ։

Ներկայիս միլիոնաւոր գաղթականներ փախուստ կու տան Սուրիայէն եւ Իրաքէն։ Զէնքերը չեն լռեր, երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհները կորուստի մատնուած են, ուր սպանողներու անիմաստ ատելութիւնը կը գերիշխէ, եւ այն մարդոց յուսալքումը, որոնք կորսնցուցած են ամէն ինչ եւ խլուած են իրենց պապենական հողերէն՝ մեզ կը պապանձեցնէ։

Մինչ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն կոչ կ´ուղղուի երկիրը լքելու փորձութեան դիմադրելու՝ բոլոր աշխարհի հաւատացեալներուն պարտականութիւնն է՝ անոնց ճակատագիրը սրտանց ըմբոշխնելու։ Զանազան դաւանանքներու հաւատացեալներ ենթարկուած են նոյն ճակատագրին՝ ՙԱրեան Համամիութենականութեամբ՚։

Սուրբ Երկրի համար կատարուած հանգանակութիւնը այս տարի առաւել քան երբեք անհրաժեշտ հարց մըն է։ Սրբազան Քահանայապետը, որ նախորդ տարի Մայիսին իր ուխտագնացութիւնը կատարած էր այդ հողամասին, որ սուրբ է քրիստոնեաներու, հրեաներու եւ մահմետականներու՝ կը հրաւիրէր հրահրել երկխօսութիւնը,  համերաշխութիւնը, աղօթքը եւ Քրիստոսի եղբայրերու միջեւ զօրակցաբար բաժնեկցումը։ Խաղաղութեան հասնելու ճանապարհը կ´ամրապնդուի այն ժամանակ, երբ մենք կը ճանչնանք՝ թէ բոլորս ունինք նոյն արիւնը՝ իբր անդամներ մարդկային ցեղի. երբ չենք մոռնար՝ որ ունինք մէկ Հայր երկնքի մէջ՝ իսկ մենք բոլորս իր զաւակներն ենք՝ ստեղծուած իր պատկերին նմանութեամբ։

Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու փոքր հօտը կոչուած է հրահրելու երկխօսութիւնը եւ կամուրջներ ձգելու Ս. Աւետարանի ՙերանելիներու՚ հոգիով (Մտթ Ե. 3-12)։

Միայն միութեան հոգիով եւ Քրիստոսի բոլոր աշակերտներու եղբայրական սիրով՝ Եկեղեցին, որ Քրիստոսի Հարսն է, կը կարողանայ յոյսի վկայութիւն շնորհել իր զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ խոնարհեցուած եւ լքուած Տիրոջ տառապանքները կը կրեն իրենց մարմնին վրայ։

Կը յուսամ, որ հանգանակութիւնը բոլոր Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ դրական ընկալում կը գտնէ՝ որպէս զի զօրակցական հոգատարութիւնը աճի։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը կը համադրէ հանգանակութեան գործերը՝ նպատակադրելով Քրսիտոսնեաներուն հարկաւոր օժանդակութիւնը, կանոնաւորեալ եկեղեցական կեանքի մը հաւաստիացումով։ Ձեզի եւ ձեր բոլոր գործակիցներուն կը փոխանցեմ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի շնորհակալութիւնը՝ ձեր առատաձեռն օժանդակութեան եւ ճիգերուն՝ այս հանգանակութեան յաջողութեան ի նպաստ։

Եղբայրական ողջոյններով՝

Լէօնարտօ Կարդինալ Սանտրի








All the contents on this site are copyrighted ©.