2015-03-09 14:49:00

ֆրանչիսկոս Պապին նամակը կարդինալ Մարիօ Աուրելիօ Փոլիին։


 (Ռատիօ Վատիկան) Արժանթինի կաթողիկէ համալսարանին հիմնարկութեան հարիւրամեակին առթիւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը յղած է կարդինալ Մարիօ Աուրելիօ Փոլիին` աւագ Ատենադպիրը վերոյիշեալ համալսարանին որուն մէջ կը յիշեցնէ որ հարիւրամեակը կը զուգադիպի Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի փակման 50-րդ տարեդարձին, որ իր կարգին յարոյց վերանորոգումի անդարձ շարժում մը` բխած Աւետարանէն։

''Ամէնքս կանչուած ենք յառաջ ընթանալու։ Սակայն ի՞նչպէս յառաջ երթալ'' կը հարցադրէ Սրբազան Հայրը։ Աստուածաբանութիւնը դասաւանդել ու սորվիլ կը նշանակէ հասկանալիօրէն ու նշանակալիօրէն ընդառաջել Աստուծոյ ժողովուրդին պահանջքին, առանց կորսուելու ակադեմիական բանավէճերու մէջ։ Աստուածաբանութիւնը եւ սրբութիւնը անբաժանելի հոմանիշներ են։

Ձեր սերտած աստուածաբանութիւնը թող ունենայ որպէս հիմն ու ներշնչարան Յայտնութիւնը, Աւանդութիւնը, միշտ նկատի առնելով մշակութային եւ ընկերային յառաջխաղացումները։ Ներկայ ժամանակներու աստուածաբանութիւնը պէտք չէ բաւականանայ Եկեղեցւոյ հարցերով այլ եւ համայն աշխարհի հարցերով, ուստի բաւարարուելու չէ գրասենեակի աստուածաբանութեամբ այլ եւ մարդոց աստուածաբանութեամբ։

Բարի աստուածաբանը պէտք է նմանի բարի հովիւի որ մօտէն կը շահագրգռուի իր ժողովուրդով ու անոր հարցերով։ Մէկ խօսքով աստուածաբանութիւնը թող ըլլայ նման հիւանդանոցի մը, որ կ'ապրի առաքելութիւնը աշխարհի փրկութեան ու բուժումին ի սպաս։

Կը մաղթեմ որ սորվելիք  վարդապետական, բարոյական, հոգեւորութեան ու իրաւաբանութեան աստուածաբանութիւնը. ըլլայ ցոլացումը Աստուածային ողորմութեան։

Ո՞վ է կազմուող աստուածաբանութեան ուսանողը Արժանթինի կաթողիկէ համալսարանի մէջ - հարց տուաւ ապա Քահանայապետը ու պատասխանեց - Վստահաբար թանգարանի-մատենադարանի աստուածաբան մը չէ որ կը կուտակէ տուեալներ ու տեղեկութիւններ Յայտնութեան մասին առանց գիտնալու ի՞նչ ընել այդ պաշարով։

Արժանթինի կաթողիկէ համալսարանի աստուածաբանը թող ըլլայ անձ մը` կարող իր շուրջը կերտելու մարդկութիւն, փոխանցելու մարդկայնական բնոյթ ունեցող քրիստոնէական աստուածային ճշմարտութիւն, եւ ոչ թէ առանց տաղանդի մտաւորական մը կամ առանց բարութեան իրաւագէտ մը։ Սրբազան Քահանայապետը նամակը կը փակէ խնդրելով Տիրամօրմէն` Աթոռ Իմաստութեան, եւ Մայր Աստուածային շնորհքին, որ ընկերանայ  համալսարանի հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն եւ իր հայրական ողջոյնը ուղղելով ուսանողներուն, դասախօսներուն ու համալսարանի անձնակազմին, խնդրեց անոնց աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.