2015-03-09 09:45:00

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը քննարկեն Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան վանդումը դատապարտող բանաձեւ մը


Արաբական լիկայի խորհուրդը իր 143-րդ նստաշրջանի աւարտին մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակի վրայ Յորդանանի նախագահութեամբ աշխատանքներու աւարտին որդեգրեց բանաձեւ մը եւ զայն փոխանցեց արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնք իրենց ժողովը պիտի գումարեն այսօր:

Բանաձեւը կը վերաբերի «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու կողմէ Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումին, եւ կոչ կ՛ուղղէ գողցուած հնութիւնները վերադարձնելու Իրաքին, աջակցելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Իրաքի պատերազմին, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ այդ խմբաւորման կատարած յարձակումները:

Բանաձեւը կը շեշտէ, որ պետութիւնները պէտք է խիստ միջոցառումներ որդեգրեն` արգելք հանդիսանալու համար իրենց սահմաններէն զինեալներու Իրաք ներթափանցումին, եւ խիստ ու ամբողջական կերպով գործադրեն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2178 բանաձեւը:

Բանաձեւը կը շեշտէ Արաբական լիկայի արաբական պաշտպանութեան միացեալ խորհուրդի գործունէութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով այն վտանգները, որոնք կը սպառնան արաբական բոլոր երկիրներուն եւ կը վտանգեն արաբական ազգային ապահովութիւնը:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ասորեստանեան Նեմրութ հնագիտական վայրին քանդումը եւ զայն նկատեց «պատերազմական ոճիր» մը:

Ան շրջանի քաղաքական ու հոգեւոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` «ձայն բարձրացնելով դատապարտելու այդ անընդունելի յարձակումները»:

«Մեր հասարակաց մշակութային ժառանգութեան քանդումը պատերազմական ոճիր մըն է եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ յարձակում մը», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Մինչ այդ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այդ քանդումները նկատեց «պատերազմական ոճիր» եւ հարցը փոխանցեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Միջազգային քրէական դատարանին:

ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալները երէկ ականահարեցին Մուսուլի արեւելքը գտնուող ասորեստանեան Խորասապատ հնագիտական քաղաքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.