2015-03-09 09:50:00

«Թող երեսփոխանները անսան իրենց խղճին եւ ըմբռնեն հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու ահաւորութիւնը» ըսաւ Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 9 մարտին, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն անսալու իրենց խղճին եւ ըմբռնելու հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու ահաւորութիւնը: «Ժամանակն է արդէն, որ երեսփոխանները եւ երեսփոխանական պլոքները իմանան, որ իրենց կեցուածքով կը սառեցնեն խորհրդարանին եւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը` երբ կը զլանան նախագահ մը ընտրել», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.