2015-03-08 12:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի` 8 Մարտ 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ այս առթիւ արտասանած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին որ քաղուած էր Յովհաննէսի աւետարանէն, ուր կը պատմուի Յիսուսի մասին որ տաճարէն կը վտառէ վաճառականներն ու լումայափոխները։ 

Երբ ներկաներէն ոմանք Անոր հարց կու տան ''Ի՞նչ նշան ցոյց կու տաս մեզի այդպէս գործելու համար''։ Յիսուս կը պատասխանէ ''քանդեցէք  այս տաճարը եւ ես երեք օրէն կը վերականգնեմ զայն''։ Հրեաները կը պատասխանեն ''քառասուն վեց տարիներ հարկ եղան այս տաճարը կառուցանելու համար եւ դուն զայն երեք օրէն կը վերաշինե՞ս''։ Չէին հասկցած թէ Յիսուս իր Մարմնի տաճարին մասին կը խօսէր եւ երբ յարութիւն առաւ աշակերտները յիշեցին թէ Յիսուս ասիկա ըսած էր եւ հաւատացին սուրբ Գիրքին ու Յիսուսի խօսքերուն։

''Յիսուսի այս վարուելակերպն ու մարգարէական պատգամը հասկնալի են Սուրբ Զատկուայ լոյսին տակ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ապա հաւատացեալները ընթանալու Յիսուսին ճանապարհով, համայն էութիւնը վերածելով որպէս սիրոյ նշան մեր եղբայրներուն ու յատկապէս տկարներուն եւ աղքատներուն նկատմամբ։

''Ամէն մէկ զոհ որ հաւատքով կը մատուցենք մեր մէջ կ՛աճեցնէ Յիսուսի տաճարը, շնորհիւ Անոր խաչուած եւ յարուցեալ մարմնին հետ հաղորդութեան'',  ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ առաջնորդէ այս քառասնորդացի շրջանին, որպէսզի կարենանք վերագտնել Քրիստոսի հետ հանդիպումի գեղեցկութիւնը, Քրիստոս` որ մեզ կ՛ազատագրէ ու կը փրկէ։

 

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն կոչ ուղղելով մօտիկ ըլլալ կարիքաւոր անձերուն` սիրով աղօթքով եւ զօրակցութեամբ, հուսկ` կիներու օրուան առթիւ, յատուկէն ուզեց ողջունել բոլոր կիները որ ''ամէն օր կը ջանան կերտել աւելի հիւրընկալ ու մարդկային ընկերութիւն մը'', շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց որոնք Եկեղեցւոյ ներքոյ կը գործեն վկայելով Աւետարանը։

''Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։  Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։ Բարի ախորժակ եւ ի քաղցր տեսութիւն'' եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.