2015-03-08 09:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապը կը խնդրէ ծիսակատարութեան ու կեանքի միջեւ ներդաշնակութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարող չենք աղօթքն ու ջերմեռանդութիւնը  փոխարինել  արդարութեան, պարկեշտութեան ու եղբայրսիրութեան ներհակ վարուելակերպով, ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատարագ մատուցանելով Հռոմի Ամենայն սրբոց ժողովրդապետութեան մէջ , ուր 50 տարի առաջ երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը առաջին անգամուան համար պատարագ մատուցեց իտալերէն լեզուով Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովի հաստատած կանոնին համաձայն։

50 տարի ետք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, նոյն ժեստը կատարելով,  կը խնդրէ  ներդաշնակութիւն ծիսակատարութեան ու կեանքի միջեւ եւ որպէս անդամներ եկեղեցւոյ, մկրտութեան զօրութեամբ,  յանձնառումով աշխատիլ Եկեղեցւոյ բիւրեղացումին համար։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը  հաւատացեալներէն խնդրեց գոհութիւն մատուցանել Տիրոջ  շռայլած բարիքներուն համար վերջին այս 50 տարիներուն համար։ Եկեղեցին քաջութիւնը ունեցաւ մօտենալ Աստուծոյ ժողովուրդին, եւ հասկնալի ու մասնակից դարձնել զայն ծիսակատարութիւններուն։ Չենք կարող ետ դառնալ, պէտք է որ միշտ յառաջ երթանք եւ ով որ կը բաղձայ ետ դառնալ կը սխալի - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով  Ծիսակատարութեան հայող վաւերագիրը եւ  յիշեցնելով այն էական կապը որ կը  միացնէ Յիսուսի աշակերտին կեանքը ծիսական պաշտամունքին հետ։

Քահանայապետը կը բացայայտէ թէ ինչպէս Յիսուս Զատկուան առթիւ տաճար մտաւ եւ դուրս հանեց բոլոր անոնք որ տաճարին մէջ առեւտուր կ՛ընէին` աղաւնեվաճառները  եւ կործանեց  լումայափոխներու սեղանները ըսելով. Գրուած է, իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի։

Ֆրանչիսկոս կը հրաւիրէ լաւ ըմբռնել Յիսուսի կոչը։ Ան կ’ուզէ որ ճշմարիտ երկրպագութիւն կատարուի։ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներէն խնդրեց վերադառնալ ճշմարիտս պաշտամունքի։ Մեր կենցաղը ներդաշնակ ըլլայ հոգեւոր ապրումին։  Քրիստոսի հետեւողը տաճար կը մտնէ  Տիրոջ հետ հանդիպում ունենալու, շնորհք խնդրելու ու ապրելու  Աւետարանի լոյսով։  Աղօթքս է որ  զօրանայ ձեր սէրը Աստուծոյ տան հանդէպ - յոյս յայտնեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.