2015-03-07 12:29:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Այսօրուան հաղորդումին մէջ կ´անդրադառնանք Հ. Ժորժ-Անրի Րոյսսէնի ցեղասպանութեան նուիրուած երրորդ հատորին, որ կ´ընդգրկէ 1908-1925ի ժամանակաշրջանը։ Գրքին Տիտղոսն է՝ ՙLa Questione Armena, 1908-1925՚՝ հրատարակուած 2014ին։ Հրատարակութեան հիմ կը կազմէ Ս. Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի դիւանը։ Գիրքը բաղկացած է 687 էջերէ։

Նման նախորդ հատորներուն՝ այստեղ եւս ներկայացուած են համառօտագրութիւններու, օսմանական եզրաբանութիւններու, մատենագիտութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր։

Առաջին մասին մէջ հրատարակուած են Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Դիւանի վաւերաթուղթեր։ Այս բնագիրները կը գրաւեն 19-487 էջերը։ Հոն 350է աւելի փաստաթուղթեր օգտագործուած են՝ սկսեալ 30 մայիս 1908էն մինչեւ 17 յուլիս 1924։ Փաստաթուղթերը զանազան տիպի դիւանային բնագիրներ են՝ բովանդակելով յօդուածներ, տոմսեր, ունկնդրութեան թուղթեր, նամակներ, նշումներ, տեղեկատուութիւններ, վիճակագրութիւններ եւ հեռագիրներ։

Երկրորդ մասը՝ յաւելուածներու բաժինը՝ ունի երկու գլուխներ։ Առաջինը՝ ՙՀաշուեկշիռ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրած վնասներուն՝ խմբագրուած Թերզեան Պատրիարքի կողմէ՚, որուն կը կցուին ցանկեր՝ Ա. ՙՊետութեան կողմէ 1915 թուականին տեղահանուած քահանաներ՚, Բ. ՙԽողխողուած, գնդակահարուած, բարբարոսաբար խաչուած եւ կամ տեղահանութեան ժամանակ երկար արշաւներու կամ տառապանքներու պատճառաւ մահացած եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ՚, Գ. ՙԹեմերու վիճակը տեղահանութենէն առաջ եւ վերջ՚, եւ Դ. ՙԵպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, որոնք հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարչակարգին մէջ կը մնան, պատրաստ՝ վերսկսելու կաթողիկէ առաքելութիւնը քանդուած Հայաստանի մէջ՚։

Յաւելուածի երկրորդ գլխուն մէջ կը ներկայացուին վաւերագրեր ՙԱսորիներու, Քաղդէացիներու եւ Հայերու կոտորածներուն՝ Ուրմիոյ եւ Սալմաստի շարջաններուն մէջ՚։

Հ. Րոյսսէն ներածականին մէջ կը նշէ՝ թէ վաւերաթուղթերու հրատարակութեան բուն նպատակին կը հասնի այս հատորով։ Նախորդ հատորները կը ներկայացնէին հիմնականին Վանի եւ Ատանայի կոտորածները՝ հիմնուած Վատիկանեան զանազան դիւաններու փաստատուղթերուն վրայ։ Ներկայ հատորը կը ներկայացնէ նաեւ մեծ եղեռնը՝ 1915ի կոտորածները եւ տեղահանութիւնները։

«Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպսոս՝ Գերապայծառ Մալոյեանի հրաժեշտի նամակը՝ ուղղած իր կղերին եւ հօտին եւ թուագրուած մայիս 1, 1915՝ եպիսկոպոսի մարտիրոսութեան նախօրեակին, յուզիչ վաւերագիր մըն է» կը գրէ հրատարակիչը։ Մալոյեան Եպիսկոպոսի այս նամակը ամբողջութեամբ հրատարակուած է էջ 80-81ի վրայ։

Նամակի աւարտին՝ Մալոյեան Եպիսկոպոս կը գրէ՝ «Մնացէք բարեաւ իմ սիրելի զաւակներս. ձեզ կը յորդորեմ, որ աղօթէք Բարին Աստուծոյ՝ որ ինծի ոյժ եւ քաջութիւն տայ՝  հեռանալու այս կորստական կեանքէն՝ Իր շնորհքով եւ Իր սիրով՝ մինչեւ իսկ արեան զեղումը՝ եթէ հարկ ըլլայ։»

Հրատարակիչը ներածականին մէջ կը նկատէ՝ թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Թերզեանի մանրամասն տեղեկատուութիւնը բացառիկ եւ յոյժ արժէքաւոր վաւերաթուղթ մըն է, թուագրուած 20 դեկտեմբեր 1918, ուր պատրիարքը մանրակրկիտ կերպով կը նկարգարէ բոլոր ողբալի դէպքերը, որոնք հայ ազգը կրած է 1909էն սկսեալ։ Այդ վաւերաթուղթը յառաջ բերուած է 218-223 էջերուն վրայ, իսկ տեղեկատուութեան կցուած ցանկերը՝ էջ 494-518։

1923ին պատրաստուած վիճակագրական ցանկ մը կու տայ հայ գաղթականներու թիւը զանազան երկիրներու մէջ՝ ըլլայ Եւրոպա կամ Ասիա կամ Ամերիկայ (էջ 463)։ Գաղթականներու ընդհանուր գումարը այդ փաստաթուղթին մէջ կը հասնի 656.000ի։ Այս ցանկին կը յաջորդեն տուեալներ որբ երեխաներու թիւի մասին, որոնց թիւը նոյնպէս քանի մը հարիւր հազարի կը հասնի։ Ցանկերու մէջ նշուած՝ տեղահանութեան ենթարկուած հայ կաթողիկէ քահանաներու թիւը կը հասնի 28ի. իսկ սպաննուած հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու թիւը՝ 124ի։








All the contents on this site are copyrighted ©.