2015-03-07 10:03:00

''Աղքատները առաջին զոհերն են կլիմայի փոփոխութեան'' Գերապայծառ Թոմազի։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Թոմազի` Ս.Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակին մօտ, խօսք առնելով մարդու իրաւունքներու 28-րդ նիստին ըսաւ` ''Աղքատները առաջին զոհերն են կլիմայի փոփոխութեան''։

Ան յոյս յայտնեց որ Փարիզի մէջ կայանալիք  կլիմայի գիտաժողովը նպաստաւոր առիթ մը հանդիսանայ բոլոր մասնակցող պետութիւններու համար գիտակցելու ու յանձն առնելու` գործել երկրագունդի ու մարդկութեան ի շահ։

Հարկաւոր է, դիտել տուաւ Ս.Աթոռի դիւանագէտը, պաշտպանել թերաճ ազգերու`  բարգաւաճումի իրաւունքը ։ Ս. Աթոռը, ըսաւ ան, պատրաստ է զօրավիգ կանգնիլ բոլոր այն ջանքերուն որոնք կը հային հասարակաց բարիքին, մարդկային արժանաւորութեան  յարգանքին, ու տկարներու յատուկ խնամքին։ Մեր մաղթանքն է, որ կլիմայի ի շահ խոստացուած հիմնադրամը յաւելում արձանագրէ, որպէսզի թերաճ երկիրները կարողանան յարմարիլ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.