2015-03-07 12:37:00

2015 թուականը Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի մէջ հռչակուած է “Հայաստանի տարի”


Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի ծերակուտական-քաղաքապետ, “Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման” (UMP) անդամ  Ժան Կլոդ Գոդեն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով նախորդ տարի առաջարկած էր 2015 թուականը Մարսէլի մէջ հռչակած է “Հայաստանի տարի” եւ 2015 թուականին նախատեսուող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ Հայաստանին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպել տարածքային չորս մարմիններու (նահանգապետարան, քաղաքապետարան, մարզպետարան եւ Մարսէլի արուարձաններու խորհուրդ) համատեղ ուժերով: Այս մասին կը յայտնէ  “Հայերն Այսօր”-ը։

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է համախմբել Մարսէլի եւ արուարձաններու քաղաքապետերուն, թաղապետերուն` անկախ անոնց քաղաքական պատկանելիութենէն եւ անոնց ներկայացնել Հայաստանը, հայ ազգի մշակոյթը, պատմութիւնը եւ օսմանեան կայսրութեան կողմէն  հայերու նկատմամբ իրականացուած  ոճրագործութիւնը:

Նախատեսուած է ընդգրկել  արուարձաններու շուրջ երեսուն քաղաքներ: Ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ եւ համերգներ, որոնք պիտի իրականացուին 2015թ. ընթացքին: Ձեռնարկները կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած է “Մարսէլ-Պրովանս-Հայաստան-2015” միութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն “Մարսէլ-Պրովանս-Հայաստան-2015” միութիւնը  եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը  համատեղ Մարսէլի մէջ պիտի իրականացնեն  շարք մը ձեռնարկներ: Միութեան կազմի մէջ ընդգրկուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ եւ ֆրանսացի յայտնի անհատներ եւ տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.