2015-03-06 10:37:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը


Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը

 

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը պարզեց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին մասին:

ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, ինք Լիբանանի մասին լայն զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ապա` Ապահովութեան խորհուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.