2015-03-06 10:27:00

Անտոն Անապատական խրատներ հոգեւոր կեանքի եւ սրբութեան մասին


Նախորդ հաղորդումին մէջ ներկայացուցինք  Անտոն Անապատականի կենսագրական գիծերը, որպէս հայր եւ հիմնադիր ճգնաւորական եւ վանական կեանքի : Իսկ այսօր պիտի ներկայացնենք իր գրութիւններէն որոշ խրատներ բարեպաշտութեան եւ հոգեւոր կեանքի մասին :

            Մարդիկ սովորաբար, կ՛ըսէ Ս. Անտոն,  խելացի կը կոչուին այս բառի սխալ գործածմամբ: խելացի չեն անոնք որոնք ուսանած են հին իմաստուններու ասույթներն ու գրուածքները, այլ անոնք, որոնց հոգին խելացի է, որոնք կարող են զանազանել, թէ որն է բարին եւ որն է` չարը, եւ չարէն կը փախչին:  Իսկ բարի եւ հոգեշահի համար մասնաւոր հոգ տանողները, զայս կ՛ընեն Աստուծոյ մեծապէս գոհանալով: Անոնք միայն պէտք է կոչուին խելացի մարդիկ:

            Իսկապէս խելացի մարդը մէկ հոգ ունի,  միայն` ամբողջ  հոգիով հնազանդիլ եւ գոհութիւն պատճառել Աստուծոյ: Այսպիսի գիտակցութեան եւ առ Աստուած այսպիսի հաւատքի մէջ է հոգիին հանգիստն ու փրկութիւնը:

            Ժուժկալութիւնը, անչարութիւնը, ողջախոհութիւնը, ամրութիւնը, համբերութիւնը  եւ ասոնց նման մեծ առաքինութիւնները մենք Աստուծմէ ստացած ենք իբրեւ զօրական ուժեր, որպէսզի  դիմադրենք եւ հակառակ կանգնինք մեզ հանդիպող տառապանքներուն եւ մեզ օգնեն այնպէս, որ եթէ մենք վարժեցնենք այդ ուժերը եւ զանոնք միշտ պատրաստ ունենանք, ապա մեզ հետ պատահող ոչ մէկ բան մեզ համար դժուարին կամ հիւանդագին, կործանարար եւ անտանելի չ՛ըլլար որովհետեւ այդ ամէնը կը յաղթահարուի մեր մէջ եղած առաքինութիւններով:

            Ինչպէս իւրաքանչիւր նկարիչ կը ցուցադրէ իր արուեստը անորմով, որ ձեռքի տակ եղած նիւթը կը փոխակերպէ գեղեցիկ ձեւերու, որպէս օրինակ` մէկը փայտէն,միւսը պղինձէն, ուրիշը` ոսկիով  եւ արծաթով, այդպէս նաեւ մենք պէտք է ցոյց տանք, որ մարդ ենք ոչ թէ անով, որ այդպէս կազմուած ենք մարմինով, այլ անով, որ իսկապես մտաւոր ենք հոգիով, այն բանով, որ կը հնազանդինք բարի կեանքի օրէնքին,այսինքն` առաքինագործ եւ աստուածահաճոյ կեանքին: ճշմարտապէս մտաւոր եւ աստուածասէր հոգին գիտէ այն ամէնը, թէ կեանքը ինչպէս պէտք է ըլլայ, եւ սիրով եւ գթութեամբ կը շարժի Աստուծոյ նկատմամբ :

            Ինչպէս նաւավարները զգուշօրէն դէպի յառաջ կը տանին նաւը, որպէսզի

ան պատահաբար չբախի որեւէ քարի կամ ապառաժի, այդպէս ալ առաքինի կեանքի համար նախանձախնդիր եղողները թող ջանասիրաբաար նային, թէ ինչ պէտք է ընեն եւ ինչէն փախչին, օգտակար համարելով միայն ան, ինչ որ կը խրատեն իրական եւ Աստուածային օրէնքները` հոգիէն հեռացնելով նենգ խորհուրդները:








All the contents on this site are copyrighted ©.