2015-03-05 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը կեանքի ի նպաստ ակադեմիայի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ալճերիոյ եւ Թունիզի հանրապետութիւններու մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Թոմաս Եէշէնկնանը,  ապա Հայիթի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Տոմնախ Սէխնայլը հուսկ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքին։

Ժամը 11-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Կղերի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլան որմէ ետք` Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''կեանքի ի նպաստ քահանայապետական ակադեմիայի'' լիանիստ ժողովի մասնակիցներուն որոնք Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, 5 – 7 մարտ 2015, գումարած են իրենց հերթական հաւաքը նուիրուած մահամերձ տարեցներու ամոքիչ խնամակալութեան։

Կեանքի ի նպաստ ակադեմիայի անդամներուն արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը  ողջունելով ներկաները խօսքը կեդրոնացուց լիանիստ ժողովի նիւթին  ''մահամերձ տարեցներու խնամակալութեան'', հաստատելով թէ այդ խնամակալական վերաբերմունքը` մարդկային վերաբերմունք է եւ վկայութիւն որ մարդ արարածը կը մնայ միշտ թանկարժէք նոյնիսկ հիւանդութեան եւ ծերութեան պարագային։

''Մարդ էակը բարիք մըն է ինքնիր եւ ուրիշներուն համար եւ սիրուած է Աստուծմէ, առ այդ երբ անոր կեանքը դիւրաբեկ դառնայ եւ հասնի իր աւարտին, պարտականութիւնն կը զգանք լաւագոյն կերպով ընկերակցելու անոր''­, յայտնեց Սրբազան Հայրը ակնարկելով չորրորդ պատուիրանին ''պատուէ հայրդ ու մայրդ'' ու հաստատելով թէ այս պատուիրանը կեանքի եւ օրհնութեան ակնաղբիւր մըն է, որովհետեւ կը հրաւիրէ յարգել անոնք որ մեզ կը դաստիարակէն ու մեզի կը փոխանցեն հաւատքը ու կեանքի իմաստութիւնը։

Պատուել – ըսաւ ապա Քահանայապետը – կրնայ թարգմանուիլ որպէս պարտականութիւն յարգելու եւ խնամելու անոնք որոնք իրենց ֆիզիկական եւ ընկերային պայմաններու բերումով կարող է մահուան ենթարկուիլ։ ''Ամէն մէկ ընկերութիւն պարտականութիւնը ունի յարգելու եւ պաշտպանելու մարդ էակը'' հաստատեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը կենդրոնացուց  ''կեանքի ի նպաստ քահանայապետական ակադեմիայի'' այս օրերու գործունէութեան, ընդգծելով թէ տարեցները, առաջնահերթ գետնի վրայ պէտք ունին իրենց ընտանեկան պարագաներու խնամակալութեան որովհետեւ սէրն ու գուրգուրանքը չեն կրնար փոխարինուիլ որեւէ այլ առողջապահական կամ բարեգործական կառոյցներու խնամակալական հոգատարութեամբ։

''Ամոքիչ խնամակալութեան նպատակն է մեղմացնել հիւանդութեան վերջին հանգրուանի ցաւերը ու միեւնոյն ատեն հիւանդին ապահովել մարդկայնական համարժէք ուղեկցութիւն։

Տարեցին մեծագոյն հիւանդութիւնը  իր ճակատագրին լքումն է եւ անոր դէմ գործուած անարդարութիւններն են. Անոնք որոնք մեզ աճեցուցին  պէտք չեն լքուիլ ու պէտք ունին մեր օգնութեան։ Ասոր համար կը գնահատեմ ձեր գիտական ու մշակութային յանձնառումը  ի սպաս ամոքիչ խնամակալութեան, անոնց որոնք պէտքը ունին։ Կը քաջալերեմ մասնագէտներն ու ուսանողները աւելիով մասնագիտանալու այս տեսակի խնամակալութեան մէջ, որ կ՛արժեւորէ մարդը ու անոր արժանապատուութիւնը։ 

''Այս է ահա հիւանդ մարդու կեանքին ու անոր արժանապատուութեան ի սպաս ծառայութիւնը, նոյնիսկ երբ տարեց է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի խօսքերը ''Յարգէ, պաշտպանէ, սիրէ եւ ծառայէ կեանքին, որեւէ մարդկային կեանքին։ Միայն այս ճանապարհով կրնաս գտնել արդարութիւն, զարգացում, իսկական ազատութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն''

Կը մաղթեմ որ շարունակէք ուսումնասիրութիւններն ու որոնումները որպէսզի կեանքի պաշտպանութիւնը միշտ աւելիով դառնայ արդիւնաւէտ ու պտղաբեր։

Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզի թիկունք կանգնի ու իմ օրհնութիւնս ձեզի ընկերանայ։ Հաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.