2015-03-05 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 մարտի քարոզը։


Աշխարհայնութիւնը կը մթագնէ հոգին, զայն  անկարողութեան  մատնելով տեսնելու աղքատները, որոնք մեր մօտ  կը բնակին իրենց բոլոր վիշտերով։

Այս եղաւ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սանթա Մարթայի մատրան մէջ հինգշաբթի, 5 մարտին մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական խորհրդածութիւնը։

Ակնարկելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումին ուր կը ներկայացուի մեծահարուստ մարդուն առակը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը յարեց, թէ՝ գուցէ մեծահարուստը բարեպաշտ անձ մըն էր։ Ան թերեւս կը կատարէր իր աղօթքները, տաճար կ´երթար հաւատարմութեամբ եւ հոն իր պարտք ալ կը մատուցանէր, ուր քահանաները իրենց կղերականի վեհերոտութեամբ իրենց կարգին մեծահարուստին նախաթոռ տեղ կու տային։

Մեծահարուստը չէր նկատեր իր դռան դիմաց նստած աղքատ Ղազարոսը, լի տառապանքով։ Իր հոգւոյն աչքերը մթագնած էին։ Կը տեսնէր միայն իր կեանքը եւ գիտակից չէր պատահածին։ Այդ մարդը չար չէր, սակայն հիւանդ էր՝ հիւանդացած աշխարհայնութեամբ։

Աշխարհայնութեան հոգիով լեցուած անհատը հոգեպէս կ´այլասերի, կը կորսնցնէ իրականութեան գիտակցութիւնը, թմրաքունի մէջ կ´իյնայ։

Յիսուս վերջին ընթրիքի ընթացքին կ´աղօթէ որ Աստուած պահէ իր առաքեալները աշխարհի հոգիէն։

Առակին մէջ յիշուած մեծահարուստը երբ կը մահանայ, ինքզինք դժողքի մէջ կը գտնէ։ Կը խնդրէ որ աղքատ Ղազարոսը իր եղբայրները զգուշացնէ։ Սրբազան Քահանայապետը աւելցուց՝ որ աշխարհայնութեան հոգիի ենթակայ անձերը կը պահանջեն յատուկ նշաններ կամ արարքներ. մինչ Քրիստոսի քարոզածը եւ սորվեցուցածը յստակ է Եկեղեցւոյ համար եւ յայտնի բոլորին։

Հայր Աստուած կը պատասխանէ մեծահարուստի խնդրանքին, անոր դիմելով ՙորդեակ՚ բացատրութեամբ։ Աշխարհայնութեան մէջ  մենք կը մոռնանք մեր անուանումը՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով՝ մինչ Աստուած միշտ մեզի կը սպասէ իբր Հայր, եւ մեզ երբէք որբ չի թողուր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.