2015-03-05 14:19:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդապետ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ


Եկեղեցւոյ Վարդապետ՚ (Doctor Ecclesiae) յորջորջումը Սրբազան Քահանայապետի կողմէ տրուած տիտղոս մըն է՝ այն սուրբերուն, որոնք աստուածաբանութեան եւ հոգեւոր կեանքի մէջ յատուկ նպաստ մը բերած են։ Տիտղոսը ընդունելու համար նկատի առնուած մարզերն են՝ հրամանակարգ աստուածաբանութիւնը, բարոյական աստուածաբանութիւնը, ճգնազգեաց կեանք եւ խորհրդական հայեցութիւնը։

ՙԵկեղեցւոյ Վարդապետ՚ տիտղոսը կը գործածուի ԺԳ. դարէն սկսեալ՝ յառաջացած ՙԵկեղեցւոյ Հայր՚ տիտղոսէն։ ՙԵկեղեցւոյ Հայր՚ տիտղոսը կը տրուի միայն Եկեղեցւոյ հին պատմութեան՝ միջին դարու ժամանակաշրջանին գործած անձնաւորութիւններուն։ Իսկ ՙԵկեղեցւոյ Վարդապետ՚ տիտղոսի շնորհումը՝ պատմական յատուկ ժամանակամիջոցի մը սահմանափակումին ենթակայ չէ։ Եկեղեցւոյ Վարդապետները մեզի կը փոխանցեն իսկական Վարդապետի՝ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը։

Բենետիկտոս ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հետեւալ կէտերուն մէջ կը բնութագրէ ՙԵկեղեցւոյ Վարդապետի՚ տիտղոսի տուչութեան պայմանները՝

Ուղղափառութիւն Վարդապետութեան մէջ (Եկեղեցւոյ ուսուցման հաւատարմութիւն)

Սրբակեաց կեանք

Կարկառուն ուսուցում կամ գիտական բացառիկ նուաճում

Պաշտօնական անուանում Եկեղեցւոյ կողմէ (յանձին Քահանայապետի կամ պատասխանատու ժողովին)

ՙԵկեղեցւոյ Վարդապետ՚ տիտղոսի առաջին տուչութիւնը Բոնիֆացիոս Ը. Քահանայապետի կողմէ կատարուած է 1295ին, ուր այդ տիտղոսին արժանացած է Ամբրոսիոս Միլանոյի Եպիսկոպոսը։

Ցայսօր այս տիտղոսը կը կրեն 35 անհատներ՝ 31 այր մարդիկ եւ 4 կիներ։

Արդէն առաջին եւ երկրորդ դարերուն կը յիշուի ուսուցման պաշտօնը Դիդախէ կոչուած երկին մէջ, որ վերագրուած է առաքեալներուն՝ պատրաստուած սակայն հաւանաբար Ասորի Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։ Այս գրութիւնը՝ մինչեւ ԺԹ. դար ծանօթ էր միայն եկեղեցւոյ հայրերու երկերուն մէջ կատարուած մէջբերումներէն, ապա 1873 թուականին յայտնաբերուած է եւ հրատարակուած ամբողջութեամբ։

Ուսուցանելու պաշտօնին հիմն է Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան (Բ. Տիմ. Բ. 2։ Բ. Թես. Բ. 15) եւ քրիստոնէական վարդապետութեան փոխանցումը։

Քրիստոնեաներու առաջին հասարակութեան մէջ կը յիշուին ուսուցիչներ կամ վարդապետներ (Գործք ԺԳ. 1)։

Յիսուս սակայն կ´ըսէ՝ թէ ինքն է միակ ուսուցիչը (Մտթ ԺԳ. 8)։ Յիսուսի այս խօսքը կը նշանակէ՝ թէ Յիսուս Ինքն Ի´ր հեղինակութեամբ կ´ուսուցանէ եւ Իր ուսուցումը ուղղակի աստուածային է։ Իսկ Առաքեալները եւ վարդապետները կը քարոզեն եւ կը վարդապետեն Քրիստոսի անունով՝ հաւատարիմ Անոր վարդապետումին եւ ոչ անհատական հեղինակութեամբ։

Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին կը գործածուի ՙԴիդասքալոս՚՝ ուսուցիչ բացատրութիւնը։ Ագաթոս Քահանայապետ Է. Դարուն Ս. Ամբրոսիոսը կ´անուանէ  ՙՄեծ Վարդապետ՚։

Ը. դարուն արեւմուտքի մէջ կը կազմուի սուրբերու քառեակ մը՝ ընդունուած իբր մեծ վարդապետներ։ Այս քառեակին մաս կը կազմէին Ամբրոսիոս, Հիերոնիմոս, Օգոստինոս եւ Գրիգոր Մեծ Քահանայապետ։ ՙՉորս՚ թիւը զուգահեռ մըն էր չորս Աւետարանիչներուն եւ Տիեզերական առաջին չորս Ժողովներուն։ Այս անուանումները 1295 թուականին կը ստանան պաշտօնական վաւերացում։

Թ. դարուն Բիւզանդիոնի մէջ կը կազումի սուրբ վարդապետներու երրեակ մը, որ կը բովանդակէր Ս. Բարսեղի, Գրիգոր Նազիանզացիի եւ Յովհաննէս Ոսկեբերանի անունները։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ վարդապետական աստիճանը ունի իր իւրայատուկ աւանդութիւնը եւ իր մասնաւոր տեղը։ Անոր պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.