2015-03-02 11:57:57

Հիւսիսային Ափրիկէի երկիներու եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցը Սրբազան Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի Մարտ 2 – 7 - ը, Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու եպիսկոպոսները հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Հիւսիսային Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կ՛ընդգրկէ Մաղրեպական չորս երկիրներ` Ալճերիան, Լիպիան, Թիւնիզը եւ Մարոքը, ուր գոյութիւն ունին ընդամէնը եօթը աւագ թեմեր եւ թեմեր ու երեք առաքելական փոխանորդութիւններ ու մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Ռապաթի արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Վէնսան Լուիս Մարի Լանտէլ, իսկ Ալճերիոյ մօտ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Տի Լէբթի Մանիա, Մարոքի մօտ` գերապայծառ Անթոնիօ Սոցցօ եւ Լիպիայի մօտ գերապայծառ Ալտօ Քավալլի, Թիւնիզի առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Թոմաս Խէնկ Նանը։
Հիւսիսային Ափրիկէի երկիներու մէջ Եկեղեցին իր արմատները կը գտնէ Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերուն իսկ։ Այդ հողամասի կը պատկանին Եկեղեցւոյ վարդապետներ Սուրբ Կիպրիանոս Սուրբ Թերթուլիանոս եւ Սուրբ Օգոստինոսը ինչպէս նաեւ երեք Քահանայապետեր ու բազմաթիւ նահատակներ եւ մարտիրոսներ։
Վերոյիշեալ երկիրներու մէջ ներկայիս Կաթողիկէ հասարակութիւնը կազմուած է փոքրաթիւ համայնքէ մը` կազմուած մեծամասնութեամբ օտարներէ։ Մեծամասնութեամբ մահմետական շրջանի մը մէջ, անոնք յանձնառու են կրօնական երկխօսութեան, ընկերային ծառայութեան, եւ աղքատներու ծառայութեան ուղղութեամբ։
Վերջին տարիներու քաղաքական եւ ընկերային յեղաշրջումները տեղական Եկեղեցւոյ դիմաց յառաջ բերին նոր հարցեր եւ մարտահրաւէրներ որոնց առաջինը կը հանդիսանայ կրօնի եւ մտքի ազատութիւնը ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Եկեղեցին կը շարունակէ նաեւ իսլամ աշխարհի հետ երկխօսութիւնը եւ յանձնառումը ի սպաս գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.