2015-03-02 09:54:35

''Կազայի բնակիչները ողբալի կեանք մը կ’ապրին, զանոնք չի մոռնաք'' հրաւէր ուղղեց հայր Տա Սիլվա։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կազայի իրավիճակը ողբերգական է, հակառակ որ վեց ամիս անցաւ պատերազմին, բնակիչները ողբալի վիճակ մը ունին եւ քաղաքը տագնապէն դուրս չէ ելած տակաւին, վերաշինութիւնը չէ սկսած'' յայտարարած է հայր Մարիօ տա Սիլվա` մեծաւորը ''Մարդացեալ Բան'' միաբանութեան, որ տարիներէ ի վեր կը գործէ Կազայի մէջ։
Կազայի ժողովուրդը կը սպասէ միացեալ ազգերու խոստացած դրամը։ Մարդիկը տակաւին փլատակ տուներու մէջ կը բնակին եւ կը տառապին ցուրտէն։ Ցուրտի հետեւանքով վերջերս չորս մանուկներ մահացած են։ Բնակիչները զրկուած են ելեկտրական հոսանքէն ու կազէն։ Ապա Հայր Մարիօ տա Սիլվա կը մատնանշէ որ անօճախ մարդիկը գործազուրկ են եւ սնունդ չունին, անոնցմէ շատերը ՄԱԿէն տրուած վրաններու մէջ կը բնակին։ Ներկայիս ամենէն անհրաժեշտը տուներու վերաշինութիւնն է։ Մենք որպէս եկեղեցի ու ժողովրդապետութիւն մեր կարելին կ՛ընենք սնունդ բաշխելու ընչազուրկներուն, նոյնպէս Քարիթասը եւ իսլամական բարեսիրական մարմինները կ՛աշխատին բնակչութեան օգնութեան հասնիլ։
Քաղաքական պատճառներու համար, խոստացուած դրամը տակաւին չէ հասած եւ աշխարհը գրեթէ մոռցած է Կազայի պաղեստինցիները։
Հայր Մարիօ տա Սիլվա կոչ կ’ուղղէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի չի մոռնայ Կազայի վերապրողները։ Կազայի քրիստոնեաները նաեւ կը վախնան ծայրայեղ մահմետականներու շարժումներէն։ Աղօթեցէք մեզի համար, մեր ցաւալի կացութեան, եւ մասնաւորապէս սարսափի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար - ըսած է Հայր Տա Սիլվա։








All the contents on this site are copyrighted ©.