2015-02-28 09:44:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2015՝ Մարտ ամսուայ արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի ծիսական արարողութեան գրասենակի հրատարակած օրակարգը կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մարտ 2015-ին ըթացքին պիտի Պապի նախագահէ հետեւեալ արարողութիւններուն.
8 մարտ 2015 ին , ըստ լատինաց` երրորդ շաբաթ քառասնորդաց, Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Թոր Պելլա Մոնաքա շրջանի մէջ գտնուող ''Santa Maria del Redentore'' անուան ժողովրդապետութեան։
Ուրբաթ, 13 մարտի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մատակարարէ Ապաշխարաութեան խորհուրդի արարողութիւնը։
Շաբաթ, 21 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Իտալիոյ Նափոլի քաղաք, հուսկ կ՝այցելէ նաեւ Բոմփէի քաղաքը։
Կիրակի, 29 մարտին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը 9.30 ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ արմաւենիներու օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի կ՝ունենայ թափօր ու ապա հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ







All the contents on this site are copyrighted ©.