11 Ապա ըսաւ. «Մարդ մը ունէր երկու որդի: 12 Անոնցմէ *կրտսերը ըսաւ հօրը. “Հա՛յր,
տո՛ւր ինծի [քու] ունեցածէդ [ինծի] վիճակուելիք բաժինը”: Ան ալ բաժնեց անոնց [իր] ունեցածը: 13
Շատ օրեր չանցած` կրտսեր որդին ժողվեց բոլոր բաները, *մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, ու
հոն փճացուց իր ունեցածը` անառակութեամբ ապրելով: 14 Երբ ծախսեց ամէնը` սաստիկ սով
մը եղաւ այդ երկրին մէջ, եւ ինք սկսաւ կարօտութեան մէջ ըլլալ: 15 Ուստի գնաց` այդ
երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ. ան ալ իր արտը ղրկեց զայն` խոզ արածելու համար: 16
Կը ցանկար խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց ո՛չ մէկը կու տար անոր: 17
Եւ ինքնիրեն գալով` ըսաւ. “Քանի՜ վարձկաններ կան հօրս [տունը`] հացով լիացած, ու ես հոս
սովամահ կը կորսուիմ: 18 Կանգնիմ, երթամ հօրս քով եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի
երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, 19 եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ
մէկուն պէս»”: 20 Ուստի կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր`
հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց. վազելով` անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն: 21
Որդին ալ ըսաւ անոր. “Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ
քու որդիդ կոչուելու”: 22 Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. “Հանեցէ՛ք առաջին պարեգօտը
եւ հագցուցէ՛ք անոր, մատանի՛ դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ` անոր ոտքերը: 23 Եւ բերէ՛ք
պարարտ զուարակը, մորթեցէ՛ք, ուտե՛նք ու զուարճանա՛նք. 24 որովհետեւ այս որդիս մեռած
էր` եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր` ու գտնուեցաւ”: Եւ սկսան զուարճանալ: 25 Անոր երէց
որդին արտն էր. երբ եկաւ ու մօտեցաւ տան, լսեց նուագարաններու եւ պարերու ձայնը, 26
ու իրեն կանչելով ծառաներէն մէկը` հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ: 27 Ան ալ ըսաւ անոր.
“Եղբայրդ եկաւ, ու հայրդ մորթեց պարարտ զուարակը, որովհետեւ ողջ առողջ վերստացաւ զայն”: 28
Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով` կ'աղաչէր անոր: 29
Ան ալ պատասխանեց [իր] հօր. “Ահա՛ այսչափ տարի է` որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ
զանց չըրի. սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի` որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ: 30
Բայց երբ եկաւ այդ որդիդ` որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ
զուարակը”: 31 Ան ալ ըսաւ անոր. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս
քո՛ւկդ է: 32 Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած
էր` ու վերապրեցաւ, կորսուած էր` եւ գտնուեցաւ”»: