ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Տնօրէնը կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւնները Մուսուլի թանգարանին մէջ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոքովա դատապարտած է «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԷՇ)
ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւնները Իրաքի Մուսուլ քաղաքի թանգարանին մէջ: «Շոքի
մէջ եմ տեսագրութիւնը դիտելէն ետք», – ըսած է Պոքովա: Համացանցին մէջ յայտնուած տեսագրութենէն
կ՛երեւի, թէ ինչպէս ջարդուփշուր կ՛ընեն Մուսուլի թանգարանի արժէքաւոր արձանները: Բոքովա
կատարուածը կը համարէ միտումնաւոր գրոհ Իրաքի հազարամեայ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ:
«Իսլամական պետութեան» գործողութիւնները կը խախտեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը,
որ կը քննադատէ մշակութային արժէքներու նկատմամբ բռնութիւնները: