2015-02-27 09:58:42

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը քննարկած է Սրբադասման արարողութեան առնչուած հարցեր։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, 24-26 Փետրուարին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողով։
Ժողովը սկսած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով: Ան նկատել տուած է, որ ասիկա Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նուիրական տարուան առաջին ժողովն է, որուն օրակարգին վրայ կան տարելիցին առնչուող արարողութիւններու կազմակերպչական հարցեր, եկեղեցական-թեմական զանազան խնդիրներ:
Նիստերուն ատենապետերն էին Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Ժողովին ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները անդրադարձած են 22-24 Ապրիլին Էջմիածինի մէջ կազմակերպուելիք Սրբադասման արարողութեան եւ ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն։ Քննարկուած են 22 Ապրիլի Հսկումի արարողութեան, 23 Ապրիլի Ս. պատարագի եւ Սրբադասման արարողութեան առնչուած կազմակերպչական հարցեր, տեղեկութիւն փոխանցուած է սրբապատկերի եւ մասնատուփի պատրաստութեան, շարականի կանոնի բազմաձայնման գործընթացին մասին:
Ժողովին փոխանցուած է, որ Մայր Աթոռի հրաւէրին ընդառաջելով 22-24 Ապրիլի արարողութիւններուն պիտի մասնակցին 38 եկեղեցիներու, միջեկեղեցական եւ էքումենիք կառույցներու ու միջկրօնական կազմակերպութիւններու շուրջ 70 ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին դաւանակից չորս եկեղեցիներու եւ երեք ուղղափառ եկեղեցիներու պետեր, էքումենիք կառոյցներու ութ նախագահներ եւ գլխաւոր քարտուղարներ, ուղղափառ, կաթողիկէ, անկլիքան եւ աւետարանական եկեղեցիներու պատուիրակութիւններ, եկեղեցականներ Ռուանտայէն եւ Տարֆուրէն: Արարողութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ ներկայացուցիչներ աշխարհասփիւռ բոլոր հայոց թեմերէն:
Խաժակ արք. Պարսամեանն ու Յովակիմ եպս. Մանուկեանը զեկուցումներ ներկայացուցած են քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր կեդրոններուն մէջ եւ սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները։
Ժողովականները քննութեան առարկայ դարձուցած են նաեւ Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման ընդհանուր ուղեցոյցի նախագիծը. այս առնչութեամբ փոխանցուած է, որ Յուլիս 2015ին կը նախատեսուի Էջմիածինի մէջ գումարեց ՀԵԵՄ պատգամաւորական երրորդ ժողով:
Արշակ եպս. Խաչատրեան ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գործունէութեան 2014ի հաշուետուութիւնը։ Փոխանցուած է, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եկեղեցականներուն թիւը 737 է, որոնցմէ 56ը՝ արքեպիսկոպոս — եպիսկոպոս, 43ը՝ ծայրագոյն վարդապետ-վարդապետ, 50ը՝ աբեղայ, 446ը՝ քահանայ, 142ը՝ սարկաւագ:
Մայր աթոռի կառոյցներուն մէջ աշխատած է 982 անձ: 2014ին Մայր աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մէջ ընդհանուր թիւով ուսանած է 230 սան։
Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ 2014ի Յունուարին հիմնադրուած Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը իր կարելին բոլոր միջոցներով աջակցած է ազգաբնակչութեան առաւել կարիքաւոր խումբերուն: Դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուած է 25,000 հոգիի:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերուն մէջ 2014ին օծուած է 18 նոր եկեղեցի, կառուցման եւ վերանորոգման ընթացքի մէջ են 98 եկեղեցիներ: Թեմերուն մէջ գործած են 896 ծուխ եւ 241 կիրակնօրեայ դպրոց:
Ժողովին ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուած են Բրիտանիոյ, Իրլանտայի եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմերու առաջնորդներու ընտրութեան գործընթացին մասին, ինչպէս նաեւ քննարկուած են Հոլանտայի, Պեքճիքայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի եկեղեցական համայնքներուն առնչուող հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.