2015-02-26 10:10:26

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքը ունի 19 միլիոն հետեւորդներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 լեզուներով հրատարակուած թուիթերեան կայքէջին հետեւորդներուն թիւը գերազանցած է 19 միլիոնը։ Կայքը ծնունդ առած է 2012 թուականին, Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին օրով։
Զանազան լեզուներով լոյս տեսնող Քահանայապետին թուիթերեան այս կայքին՝ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Սպաներէն կեզուն որուն հետեւորդներուն թիւը հասած է 8 միլիոնի, անոր կը յաջորդէ Անգլերէն լեզուն իր 5.5 միլիոն հետեւորդներով հուսկ՝ Իտալերէն լեզուն 2.5 միլիոն հետեւորդներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.