2015-02-26 08:17:14

Վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի ծիսական նոր կանոններու հրատարակութեան 50.րդ տարեդարձին առթիւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 7 Մարտ 2015-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմի ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցէ վերակոչելու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի ծիսական նոր կանոններու հրատարակութեան 50.րդ տարեդարձը։ Ճիշտ 50 տարի առաջ երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը վերոյիշեալ եկեղեցւոյ մէջ` 7 Մարտ 1965-ին, առաջին անգամուան համար պատարագ մատուցեց իտալերէն լեզուով, փոխանակ լատիներէն լեզուի, հետեւելով Վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի ծիսական նոր կանոններուն։
Այդ առթիւ կատարած իր խորհրդածութեան մէջ, երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը հետեւեալ ըսած էր ''ծիսական այս նոր կանոններով Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ նոր ձեւով աղօթել, պատարագ մատուցանել։ Սկիզբ կը տրուի,այսօր, ծիսակատարութեան նոր ձեւին։ Ասիկա մեծ դէպք մըն է որ պէտք է յիշել որպէս սկզբունք հոգեւոր նոր կեանքին, Աստուծոյ ու մարդու միջեւ մեծ երկխօսութեան նոր յանձնառում մը''։
Հիմնականապէս կանոնը կը կայանայ աղօթել` հասկնալ իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ իւրաքանչիւր բառ, ու ամբողջացնել մեր անհատական զգացումներով ու միաձեւել զանոնք հասարակութեան հոգիին հետ - ըսաւ ապա երանելի Պօղոս Զ ու հարց տուաւ ''ի՞նչ է այս ծիսակատարութիւնը որ կը մատուցանենք'' ու պատասխանեց` ''անիկա հանդիպում մըն է Աստուածային Զոհը մատուցողին, մասնակցող ժողովուրդին հետ։ Նման հանդիպում մը հետեւաբար պէտք է ըլլայ ամբողջական ու սիրալիր։ Այս պատճառաւ Պատարագիչը յաճախ ներկաներուն կ'ուղղէ ''Խաղաղութիւն ամենեցուն'' ողջոյնը։ Այս ողջոյնով պատարագիչը նաեւ իր ողջոյնը կ'ուղղէ քաղաքի համայն քրիստոնեայ ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.