Սուրիոյ մէջ աւելի քան 950 ասորի ընտանիքներ բռնի կերպով հեռացած են իրենց օճախներէն։
(Ռատիօ Վատիկան) Զանազան լրատուական աղբիւրներու համաձայն, վերջերս Սուրիոյ
մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործադրուած անմարդկային արարքներու թիրախ դարձած են Ասորիները,
որուն հետեւանքով երկուշաբթի օրուընէ ի վեր շուրջ 800 ասորի ընտանիքներ հեռացած են Հասաքէէն,
իսկ շուրջ 150 ասորի ընտանիքներ ալ` Գամիշլիէն: Ըստ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին
հասած տեղեկութիւններուն, ասորիներու պատրիարքութիւնը Հասաքէի մէջ 90 ասորիները առեւանգած
զինեալներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ առեւանգեալներուն ազատ արձակման
համար եւ բոլոր կրօնաւորներէն պահանջած է բանակցութիւններուն ընթացքին վնաս չպատճառելու
համար ներկայիս այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններ չկատարել: Օրաթերթը կը նշէ, որ ոչինչ
կը յուշէ առեւանգեալներու մօտալուտ ազատ արձակման մասին:Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու
դեսպանատունը դատապարտեց Հասաքէի մէջ ասորական գիւղերու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը եւ պահանջեց
անմիջապէս եւ առանց այլեւայլի ազատ արձակել առեւանգեալները: