2015-02-26 08:15:23

«Հայաստանում է գտնւում 12 հազարից աւելի Սիրիահայ». Հրանոյշ Յակոբեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր ղեկավարած նախարարութեան 2014ի արդիւնքները ներկայացնելու ընթացքին հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ կան աւելի քան 12 հազար սուրիահայ, որոնք կը ստանան անհրաժեշտ օժանդակութիւն՝ կացարանի, կրթութեան, առողջապահական եւ այլ հարցերու վերաբերող:
Հանրապետական գործադիր մարմիններուն 2014 թուականին կատարած հիմնական աշխատանքներու, կառավարութեան 2014 թուականի գործունէութեան միջոցառումներու ծրագիրի, գերակայ խնդիրներու կատարման եւ գնահատուած կատարողականներու հաշուետուութիւններու քննարկումը տեղի կ՛ունենայ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:
Կառավարութեան աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Հրանոյշ Յակոբեան փոխանցած է, որ այժմ աշխատանքներ տարուած են նաեւ Ուքրանիոյ տարածաշրջաններէն եւ Իրաքէն սփիւռքահայերու հայրենիք վերադարձը կազմակերպելու եւ անոնց ընկերային տարբեր ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու ուղղութեամբ:
Սփիւռքի նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակիի առնչութեամբ աշխարհի 50է աւելի երկիրներու մէջ գործող 61 յանձնախումբերը պիտի շարունակեն միջազգային մակարդակի վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղուած համակողմանի աշխատանքները՝ կազմակերպելով տարբեր համաժողովներ, կլոր-սեղան քննարկումներ, տեղւոյն հասարակական, քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներ, յիշատակի արարողութիւններ եւ այլն:
Վարչապետը բարձր գնահատած է նախարարութեան դերը հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հայապահպանման վերաբերող աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.