2015-02-26 08:21:25

«Կեանքի Ծաղիկ»՝ Անմոռուկ. ընդամէնը 500 դրամ նուիրատուութեամբ կարելի է կեանք տալ նոր հայու։


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 25 Փետրուարին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ ընթացք առաւ բարեսիրական նախաձեռնութիւն մը։ «Կեանքի ծաղիկ» արշաւին նպատակն է օգնութիւն ցուցաբերել մայրանալու խնդիր ունեցող ընտանիքներուն՝ «Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամին միջոցով: Համահայկական նախաձեռնութեան միանալու համար փափաքողները կրնան այցելել flowersoflife.am կայքը եւ գնել ընդամէնը 500 դրամ արժողութեամբ «Կեանքի ծաղիկը»՝ Անմոռուկը:
«Կեանքի ծաղիկ» շարժման հեղինակ-ղեկավար Քրիստինա Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց իր պատմութիւնը, որ դարձած է այդ արշաւին նախաձեռնելու իւրայատուկ շարժառիթ: Անոր համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դէմ պէտք է պայքարիլ գործնական քայլերով ու կեանք տալ մեծ թիւով հայերու՝ ի յիշատակ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն: «Ես առողջական խնդիր եմ ունեցել տարիներ առաջ ու հնարաւոր էր երբեք երեխայ չունենայի, ես զգացել եմ այդ դժուար պահը, երբ հոգու եւ սրտի դատարկութիւնը հնարաւոր չէր ոչ մի բանով լրացնել: Բարեբախտաբար, այսօր ունեմ երեք զաւակ եւ շնորհակալութիւն եմ յայտնում Աստծուն դրա համար: Այս էր պատճառը, որ ինձ մօտ առաջացաւ միտքը իրականացնելու մի ծրագիր, որը կ՛օգնի ու երեխայ ունենալու բերկրանք կը պարգեւի վերատադրողական խնդիրներ ունեցող անապահով ընտանիքներին», նշեց Քրիստինա Յարութիւնեան:
Երբ դիմած է «Արագիլ» հիմնադրամին, արձագանգը չէ ուշացած, իսկ արդիւնքը կրնայ ըլլալ շօշափելի, եթէ աշխարհի բոլոր հայերը, գործարարներն ու կազմակերպութիւնները համախմբուին «Կեանք տուր նոր հայ»ի կարգախօսին շուրջ: Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները նշաձող սահմանած են 15 միլիոն «Կեանքի Ծաղիկ» վաճառել, որով բժշկական օգնութեան կարելիութիւն պիտի ստանայ վերարտադրողական խնդիր ունեցող 6000 հայ ընտանիք:
«Արագիլ» հիմնադրամի տնօրէն Սուսսաննա Գաբրիէլեան ներկայացուց «Արագիլ» հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնքները: «1242 զոյգ դիմել է ծրագրին, որոնցից 442ը ստացել է ուղեգիր այս կամ այն բժշկական հաստատութիւններ: 224 զոյգի մօտ բժշկական միջամտութիւնն արդէն աւարտել է, 112 յղիութիւն է գրանցուել: 61 կին ծննդաբերել է, որի արդիւնքում ծնուել է 82 երեխայ, 26 զոյգ այս պահին սպասում է երեխայի, իսկ 25 զոյգի մօտ չի ստացուել պահպանել յղիութիւնը», տեղեկացուց Սուսաննա Գաբրիէլեան:
Մէկ զոյգի համար միջին հաշուով կը ծախսուի 4-5 հազար տոլարին համարժէք դրամ: Մանկաբարձ-ծննդաբան, Վերարտադրողական բժշկութեան հայկական միութեան փոխնախագահ Կարինէ Թոխունց բոլորին կոչ ուղղեց՝ միանալու շարժումին եւ գնելու Անմոռուկ մը, որուն շնորհիւ պիտի ծնին հայ մանուկներ: Արշաւին կազմակերպիչներուն խօսքով՝ արդէն կան կազմակերպութիւններ, որոնք միացած են բարեսիրական ձեռնարկին:
«Կեանքի ծաղիկ» բարեսիրական արշաւը պիտի տեւէ մինչեւ 24 Ապրիլ








All the contents on this site are copyrighted ©.