2015-02-25 09:54:40

Ինտոնեզիայի մահմետականները կը պաշտպանեն բազմազանութեան ու փոքրամասնութեան յարգանքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս Ինտոնեզիայի Եոկեաքարթա քաղաքին մէջ, մահմետական կրօնապետերը ժողով մը գումարած են ընդգծելու զանազան կրօններու հաւատացեալներու միջեւ արժէքաւորելու համար բազմազանութեան, փոքրամասնութիւններու յարգանքի, հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան, ու միութեան կարեւորութիւնը։ Հաւաքին մասնակցած են երկրին իսլամական բոլոր հոսանքները։
Ժողովին նպատակն է խորհրդածել իսլամութեան մասին ըլլայ երկրէն ներս ըլլայ երկրէն դուրս։ Ժողովականներու գնահատումով Ինտոնեզիայի իսլամութիւնը, կարող է օրինակ դառնալ, միջազգային գետնի վրայ։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ինտոեզիայի իսլամ կրօնապետերը, մասնագէտներ ու ակադեմիականներ, ինչպէս նաեւ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Ինտոնեզիայի նախագահը Եոքօ Ուիտոլօ իր միջամտութեան ընթացքին ըսաւ ''Ինտոնեզեան չափաւորական երկիր մըն է, ուր զանազան հաւատացեալներու միջեւ կը տիրէ փոխադարձ յարգանք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.