2015-02-24 09:53:10

Ի՞նչ է պահքը:


Առաջին իմաստով այն կամաւոր ինքնազրկումն ու զսպուածութիւնն է սնունդի նկատմամբ: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն` երեք տեսակի պահքեր գոյութիւն ունին.
Առաջինը սովորական պահքն է` կենդանական ծագում ունեցող սնունդէն (բացառութեամբ մեղրի) եւ ոգելից խմիչքներէ հրաժարումը:
Երկրորդը սրբապահքն է` հրաժարումը նաեւ բուսական ծագման, սակայն ճոխ ու համադամ ուտելիքէն` նոյնիսկ մինչեւ միայն աղուհացով սնուիլը (Մեծ պահքի շրջանը կը կոչուի նաեւ Աղուհացի շրջան):
Երրորդը ծոմն է` միաժամանակ ընդհանրապէս հրաժարումը սնունդէն եւ նոյնիսկ ջուրէն:
Անշուշտ, կարելի է նկատի առնել պահքի օգտակարութիւնը նաեւ բժշկական տեսանկիւնէն, յատկապես Մեծի պահոց շրջանին, որովհետեւ, գարնանամուտը առանց ճարպային, կենդանական սնունդի անցնելը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ ֆիզիքականին վրայ: Սակայն սխալ է այն մտայնութիւնը, թէ պահքը սոսկ Diet է` նիհարնալու կամ որոշակի հիւանդութիւններէ ձերբազատուելու համար: Պահքը չի սահմանափակուիր
միայն կենդանական սնունդէն հրաժարումով. այն առաջին հերթին հոգեկան ու բարոյական ամէն տեսակի ախտերէն ու մոլութիւններէն, մեղանչական մտքերէն, խօսքերէն ու գործերէն մաքրուիլն է, զղջմամբ ու ապաշխարութեամբ Աստուածահաճոյ եւ առաքինի կեանքին դառնալը: Պահոց շրջանին կարեւոր է հոգեւոր շնորհներու ու յատկապէս եղբայրասիրութեան մէջ զօրանալը, քանի որ, ինչպէս Եզնիկ Կողբացին կ’ըսէ.
«Մէկը կարող է կենդանիի միս չուտել, բայց անընդհատ իր եղբօր միսը ծամել»:

Այս պարագային կարեւոր է նաեւ մէկ այլ ծայրահեղութիւնէն զգուշանալը. պահք պահելը պէտք չէ պատճառ դառնայ պահեցողութեան մէջ տկարացող մեր եղբայրակիցը դատելու. «Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է:» (Հռոմ.14:3):
Պահքի կարեւորութիւնը առաւել հարազատօրէն ըմբռնելու համար պէտք է ընդգծենք այն հանգամանքը, որ այն օրինադրուած է դեռեւս դրախտին մէջ, ըլլալով Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաջին պատուիրանը.
Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծննդ.2:16-17):








All the contents on this site are copyrighted ©.