2015-02-24 09:08:17

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հակառակ է ազգայնամոլութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի արդարութիւն եւ խաղաղութեան յանձնախումբերը կոչ ուղղած են ազգայնամոլութեան դէմ, խնդրելով քաղաքական ու ընկերային պատասխանատուներէն հաստատակամօրէն հակազդել ցեղապաշտութեան եւ օտարատեցութեան ալիքներուն Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ։ ''Հարկաւոր է երաշխաւորել ամէն անհատի յարգանքի իրաւունքը ու միասնականութիւնը գտնել տարբերութեան մէջ'' կը գրէ Եւրոպայի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումբը մատնանշելով թէ ամէն պետութեան մէջ ներկայ` ազգերու, մշակոյթներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքն է յարգանքը։ Անարդարութիւնը եւ անտեսումը խաղաղութիւն չեն բերեր։ Նոյնպէս սահմանները փակելը անմարդկայնական է, ցեղապաշտութիւնը եւ օտարատեցութիւնը բարոյապէս ու օրէնքով անընդունելի են։ Եւրոպայի էական մէկ տարրը միշտ եղած է մարդկային արժանաւորութեան արժէքաւորումը, կը հաստատեն միշտ Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումբի անդամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.