2015-02-23 10:42:34

Լիպիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսարանը ականահարուեցաւ


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ ականահարուած է Իրանի դեսպանատունը: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Միւս կողմէ, Իրան հաստատեց ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ամիսներ առաջ հաղորդած այն լուրը, որ ամերիկեան «Պոյինկ» ընկերութիւնը իսլամական յեղափոխութենէն 30 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով «Իրան Էր»-ի հետ կնքած է 3 համաձայնագիրներ, որոնց հիմամբ Թեհրան ստանձնած է ամերիկեան ընկերութեան կողմէ վերանորոգուած օդանաւի 7 շարժակներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.