2015-02-20 11:37:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հոգեւոր կրթութիւնը, Արիչչա 22-27 Փետրուար, Պօղոսեան հայրերու Աստուածային Վարդապետի տան մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 22-27 փետրուար 2015-ի, Քահանայապետի հոգեւոր կրթութիւնը տեղի կ’ունենայ Հռոմի Արիչչա շրջանը, Պօղոսեան հայրերու Աստուածային Վարդապետի տան մէջ` ''Ողջ Աստուծոյ ծառաներն ու մարգարէները'' նիւթին մասին։ Քարոզիչ վարդապետն է հայր Պրունօ Սէքոնտին, որ առօրեայ իր քարոզներուն ընթացքին պիտի մեկնաբանէ Եղիա մարգարէի հովուական թուղթը։
Կիրակի 22 փետրուարի երեկոյեան ժամը 16-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Վատիկանի վերին վարչութեան անդամները կը մեկնին Վատիկանէն եւ Հոգեւոր կրթութեան վայր կը ժամանեն 16.45-ին։ Հոգեւոր կրթութեան նիստերը սկիզբ կ՛առնեն ժամը 18-ին, Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ որուն կը յաջորդէ երեկոյեան ժամասացութիւն ու ապա ընթրիք։
Յաջորդ օրերու օրակարգը կը նախատեսէ` առաւօտեան ժամը 7.30-ին առաւօտեան ժամասացութիւն, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ կարճ Խորհրդածութիւն մը, նախաճաշ, առաջին խորհրդածութիւն, համապատարագ ու ճաշ։
Յետմիջօրէի ժամը 4-ին, նախատեսուած է երկրորդ խորհրդածութիւնը. ապա Ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւն, երեկոյեան ժամասացութիւն ու ընթրիք։ Վերջին օրը, 27 Փետրուարին, օրակարգը կը սկսի համապատարագով, ժամը 7.30-ին, մինչ հոգեւոր կրթութիւնը կ՛եզրափակուի ժամը 9.30 եւ ժամը 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու իրեն ընկերացող կղերական դասը Վատիկան կը վերադառնայ։
Յայտնենք թէ Հոգեւոր կրթութեան շաբաթուայ ընթացքին կ’ընդհատուին առանձնական ու հրապարակային ունկնդրութիւնները, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը։
Հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու նիւթերն են ''Վաւերական ուղեւորութիւններ'', ''Ազատութեան ճանապարհներ'', ''Թոյլ տալ որ Աստուած մեզ զարմացնէ'', ''Արդարութիւն եւ բարեխօսութիւն'' մինչ եզրափակիչ օրուայ նիւթը յատկացուած է Եղիա մարգարէին, ''եղբայրութեան մարգարէներ'' խորագիրով։







All the contents on this site are copyrighted ©.