2015-02-20 13:30:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը Ուքրանիոյ եպիսկոպոսներուն հնգամեայ այցելութեան առիթով:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 20 փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ եպիսկոպոսներուն՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։
Սրբազան Պապը իր պատգամը յանձնեց անոնց գրաւոր կերպով, ուր յիշեց, որ Ուքրանիան մաս կազմած է այն տարածքին ուր կատարուած են ''քարոլինկեան'' առաքելութիւնները եւ ապա Սլաւներու Առաքեալներու Կիւրեղի եւ Մեթոտիոսի քարոզչական գործունէութիւնը։
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը յայտնէ թէ՝ ուշադրութեամբ հետեւած է անոնց ներկայացուցած հարցերուն եւ անոնց հովուական գործունէութեան, եւ հարցերը վստահութեամբ կը յանձնէ Աստուածամօր, որ բոլորին վրայ կը տարածէ իր սիրալիր հովանին։
Ապա սրբազան Պապը ծանրացած է հինգ կէտերու վրայ։ Կը յիշէ Ուքրանիոյ տարածքին կատարուած հակամարտութիւնները, որոնք բազմաթիւ զոհեր խլած են։ Կը յորդորէ աղօթել Տիրոջ, որ շուտափոյթ խաղաղութիւն շնորհէ Ուքրանիոյ։ Ան կը նկատէ, որ պատմական դէպքերու յիշողութիւնը, որ մնացած է ժողովուրդի հոգիին մէջ, խոչընդոտ կը հանդիսանայ խաղաղութեան հաստատումին, որուն եպիսկոպոսները պէտք է ձգտին։ Եպիսկոպոսները պարտականութիւնն ունին իրենց յանձնուած ժողովուրդին հոգատարութեամբ հետեւելու։ Իսկ զանազան կաթողիկէ ծէսերու միջեւ խաղաղ եւ սիրալիր յարաբերութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ կը նկատէ իբր պատիւ եւ ոչ լոկ պարտականութիւն։
Իբր լիիրաւ քաղաքացիներ Ուքրանիոյ՝ եպիսկոպոսները իրաւունքն ունին իրենց բաժինը բերելու ժողովուրդի ճակատագրի որոշման։ Այս ներդրումը սակայն պէտք չէ քաղաքական գործունէութեան նպատակով կատարուի այլ նպատակ ունենայ արժէքներու հաստատումը եւ հասարակաց բարիքը։ Այս հարցին մէջ Սրբազան Պապը կը հաւաստէ, որ Սուրբ Աթոռը իրենց կողքին է։ Սուրբ Աւետարանի արժէքները մղիչ ուժն են եպիսկոպոսներու հովուական գործունէութեան։ Ասոր առընչութեամբ՝ նաեւ նորայարոյց իրաւական հարցեր կը հանդիսանան իբր մարտահրաւէր եպիսկոպոսներու առաքելութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է ընտանիքներու կարիքներուն, որոնց վրայ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը խոր հետքեր թողած են։ Յիշած է նաեւ, որ հարուստ երկիր ըլլալով հանդերձ՝ Ուքրանիոյ մէջ բազմաթիւ չքաւորներ կան, որովհետեւ կատարուած են չարաշահումներ եւ անհատներ ու հաստատութիւններ հարստացած են ուրիշներուն ի վնաս։ Ան կը յորդորէ՝ որ եպիսկոպոսները իրենց յանձնուած հօտին միշտ ցուցաբերեն հովուական հոգատարութիւն՝ մղուած հաւատքէ եւ պատասխանատուութեան հոգիէ։ Սրբազան Պապը կը յորդորէ փնտռել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը եւ ոչ քաղաքականութիւն։ Որքանով որ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ պաշտօնեան ազատ է, այնքանով կ’ըլլայ պահապան ընտանիքի, աղքատներու, անգործներու, տկարներու, հիւանդներու, տարիքաւոր թոշակառուներու, հաշմանդամներու, գաղթականներու։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անհրաժեշտ նկատած է յարաբերութիւնը լատին եւ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն միջեւ։ Չէ կարելի ուրանալ վէրքեր՝ բացուած պատմական պատահարներու բերմամբ։ Քրիստոս է բժիշկը այդ վէրքերուն։ Եպիսկոպոսներու միասնութիւնը անհրաժեշտ վկայութիւն մըն է ժողովուրդին առաջ, եւ անգնահատելի ծառայութիւն մը ազգին՝ ըլլայ ընկերային եւ յատկապէս հոգեւոր մարզերու վրայ։
Վերջապէս Սրբազան Պապը կը յորդորէ որ եպիսկոպոսները ըլլան ուշադիր աղքատներուն նկատմամբ։ Կը յիշեցնէ իրենց հարկաւոր հովուական պարտականութիւնները եւ կը յանձնէ զիրենք Աստուածամօր պաշտպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.