2015-02-20 11:09:23

Ուքրանական տագնապն ու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին միջամտութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Ուկրանիոյ մէջ գոյացող լարուածութեան ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կրկին ու կրկին կոչ ուղղած է հրադադարի ի նպաստ։
Ան յաճախակի առիթներով մտահոգութիւն յայտնած է կացութեան վատթարացումին ի տես։ Ըլլայ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն ընթացքին, ըլլայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքներու ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը յայտնած է թէ ''մտահոգ սրտով կը հետեւի Ուկրանիոյ զինեալ տագնապի անց ու դարձերուն'' ու ապա հակամարտողներէն խնդրած է ''վար առնել իրենց զէնքերը ու կլոր սեղանի շուրջ նստիլ'' հուսկ աղօթքներ բարձրացուցած է առ Աստուած որպէսզի բոլոր զոհերը ընդունի իր Արքայութեան մէջ։
Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով խաղաղութեան ի նպաստ, հաւատացեալներէն խնդրած է որ աղօթեն խաղաղութեան վերահաստատումին համար յայտնելով թէ ''Մեր աղօթքը բողոքի ճիչ մըն է ուղղուած առ Աստուած''։








All the contents on this site are copyrighted ©.