2015-02-20 11:20:02

Ուխտեալ կեանքը եկեղեցւոյ մէջ


RealAudioMP3 Ուխտեալ կեանքը ճանաչումը վայելող գոյավիճակ մըն է: Ան Քրիստոսի ուղղած առանձին կոչին տրուած ազատակամ պատասխանն է, ուր նուիրեալ անձեր իրենք զիրենք ամբողջովին Աստուծոյ կ՛ընծայեն եւ Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ սիրոյ կատարելութեան կը ձգտին: Այս նուիրագործումը կը յատկանշուի աւետարանական խրատներուն գործադրութեամբ:
Նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասնակցութիւն մըն է` Քրիստոսի եւ իր եղբայրակիցներուն հանդէպ ցուցաբերած ամբողջական ինքնանուիրումով, իբր վկայութիւն երկինքի Արքայութեան յոյսին:
Ուխտեալ կեանքը նաեւ մասնակցութիւն է Սուրբերու հաղորդութեան: Այս կը նշանակէ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն հասարակաց մասնակցութիւնը սրբութիւններուն (սրբութիւնք), այսինքն` հաւատքին, ս. Խորհուրդներուն, յատկապէս Գոհութեան խորհուրդին, պարգեւաշնորհներուն եւ հոգեւոր միւս պարգեւներուն: Այս հաղորդութեան արմատը սէրն է, որ «իր սեփական շահը չի փնտռեր» (1 Կոր 13, 5), այլ հաւատացեալները կը մղէ իրենցմէ աւելի չքաւորին հետ «ամէն ինչ հասարակաց դարձնելու» (Գործ 4, 32), նոյնիսկ իրենց նիւթական ինչքերը:
Ան կը նշանակէ նաեւ հաղորդութիւն սուրբ անձերու միջեւ, որոնք շնորհքին միջոցով` մեռեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսին հետ միացած են: Անոնցմէ ոմանք աշխարհիս վրայ տակաւին ուխտագնացներ են: Ուրիշներ այս կեանքէն մեկնած ըլլալով, իրենց մաքրասրբումը կ՛աւարտեն` նաեւ մեր աղօթքներուն օժանդակութեամբ: Վերջապէս ուրիշներ` Աստուծոյ փառքը արդէն կը վայելեն եւ մեզի համար կը բարեխօսեն: Այս բոլորը միասին` Քրիստոսով մէ՛կ ընտանիք, այսինքն Եկեղեցին կը կազմեն` ի գովեստ եւ ի փառս Երրորդութեան:
Հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր ուխտեալ ձեռնադրութեան ժամանակ կ՛ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. «Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք քեզի հետեւելու»։ «Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ»:
«Եթէ մէկը չի հրաժարիր իր բոլոր ինչքերէն, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» : Այս Խօսքին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ըսէ. « կրօնաւորներս կոչուած ենք մարգարէական վկայութիւն մը տալու այս մասին : Աւետարանական կեանքի վկայութիւնն է որ կը յատկանշէ առաքեալ աշակերտը ու յատկապէս այն անձը որ Տիրոջ կը հետեւի կրօնաւորական կեանքը ընտրելով»: «իսկական մարգարէութիւնը, կ՛ընդգծէ Ս. Պապը, երբեք գաղափարաբանական չէ եւ նորոյթներուն չի հետեւիր, այլ` Աւետարանի համաձայն, հակասական նշան մըն է:
Խօսելով խարիզմայի մասին, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ըսէ. «Խարիզմը պէտք չէ պահպանուի բիւրեղ ջուրի շիշի մը մէջ, այլ պէտք է բերրի դառնայ ու համեմատուի ներկայ իրականութեան, մշակոյթներուն եւ պատմութեան հետ:
Կրօնաւորական կեանքը կոչուած է այսօր յստակ նշան մը տալու` այսինքն եղբայրութեան կեանքի վկայութիւնը : Ներկայ մշակոյթին մէջ կը գերիշխէ անհատականութիւնը : Մշակոյթ մըն է, որ կը քայքայէ ընկերութիւնը սկսեալ անոր հիմնական բջիջէն որ է ընտանիքը : Կրօնաւորական կեանքը կարող է օգնել Եկեղեցւոյ ու համայն ընկերութեան վկայելով եղբայրութիւնը` որ է ապրիլ միասին որպէս եղբայրներ հակառակ տարբերութիւններուն: Եղբայրութիւն մը որ կ՛ենթադրէ Աստուծոյ Հայրութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ու Աստուածամօր Մայրութիւնը : ''Եթէ մեր կեանքը կը գտնուի այս հիմնական յարաբերութիւններու մէջ, կ՛աւելցնէ Քահանայապետը, այն ժամանակ կարող կ՛ըլլանք իրականացնել ճշմարիտ եղբայրութիւն մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.