Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասիոյ եկեղեցիներու գործադիր Վարչութեան
ժողովին
Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը,
գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ: Սոյն
ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի
գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր Քարտուղարի ընտրութիւն եւ բ) Խորհուրդի 14-րդ համաժողովի
քննարկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ճաքարթայի մէջ: Ժողովը միաձայնութեամբ Դոկտ. Մաթիու
Ճորճ Շունաքարան ընտրեց ԱԵԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնին: Դոկտ. Շունաքարան կը պատկանի
Հնդիկ Մար Թոմա եկեղեցւոյ, լայն փորձառութիւն ունի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց դաշտէն
ներս եւ քաջատեղեակ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր միջ-եկեղեցական շարժումին
բերած կարեւոր ներդրումին: Ապա, ժողովը քննարկեց Ճաքարթայի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին
աշխատանքները: Ժողովի ընթացքին, Սեպուհ Սրբազան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան
100-ամեակին: Ժողովականները իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին եւ պարտականութիւն տուին
Ընդհանուր Քարտուղարին, որ այս ուղղութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամակցող
բոլոր եկեղեցիներուն պաշտօնական նամակ գրէ, որպէսզի 24 Ապրիլին աղօթեն մեր նահատակներու
հոգիներուն համար: Նաեւ որոշուեցաւ, որ ԱԵԽ-ի համաժողովը եւս յատուկ անդրադարձ ունենայ
այս մասին: