2015-02-20 11:27:49

Կարդինալ Սանտրիի ողջոյնի եւ քաջալերանքի ուղերձը Ուքրանիոյ եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 19 փետրուարին, Հռոմի Տիրամօր ձօնուած Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Սանտրիի եւ մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասին, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը շնորհելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Այս առթիւ Կարդինալ Սանտրի ներկաներուն ողջոյնի եւ քաջալերանքի խօսք մը ուղղեց որուն մէջ ըսաւ ''այս վայրէն կը ճառագայթէ յատուկ լոյս մը , եւ այս տաճարը յոյժ սիրելի է Արեւելեան եկեղեցիներուն համար'' ակնարկելով հոն գտնուող Եպիսկոպոսներու դասի անդամներու սրտէն ու անոնց դիմագիծէն բխած Ճրագին։ ''Ճրագը ՝ մարդոց, որոնք իրենց կրած տառապանքներուն եւ ցաւերուն հանդերձ, կ՝աղօթեն եւ կը շարունակեն յուսալ, յանձնառու ըլլալով իրենց առօրեայ կեանքին մէջ անխոնջ կերպով սերմանելու՝ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան սեմը'' ըսաւ Կարդինալը ակնարկելով ապա թէ. ''Այսօր՝ Սրբուհի կոյս Մարիամէն կը ստանանք ապահովութիւնը, որ ոչ մէկ մարդկային դամբարանի անկիւնաքար, որ իր մէջ կը նեռարէ՝ բռնութիւն, բաժանմունք, ատելութիւն, մեր սրտերը կրնայ փակել՝ յոյսին դիմաց''։
Սիրելի եղբայրներն ու քոյրեր ի Քրիստոս, ըսաւ կարդինալը իր խօսքին աւարտին,. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին, ամենուրեք եւ ամէն վայրի մէջ դառնանք Խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կամուրջներու կառուցողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.