2015-02-19 08:58:19

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին քարոզը մոխրոց օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 Փետրուար 2015-ը` օր մոխրոց էր ըստ լատինաց, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, այս առթիւ, պատարագ մատոյց Հռոմի Սանթա Սապինա անուամբ պազիլիքային մէջ, մասնակցութեամբ կարդինալներուն, արքեպիսկոպոսներուն եւ Պենետիկտեան ու Տոմինիքեան միաբանութիւններու վանականներուն։
Մոխիրի օրհնութենէն ետք, Սրբազան Հայրը ներկաներուն մոխիր սրսկեց ըսելով ''յիշէ’ ով մարդ որ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս'', ապա ս. Գրային ընթերցումներէն ետք քարոզ մը արտասանեց օրուան խորհուրդի նշանակութեան մասին։
Քարոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ. Որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ ամէն քառասնորդացին կը փորձենք աւելի սերտօրէն միանալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, բաժնելու համար իր չարչարանքի ու Յարութեան խորհուրդը։ Օր մոխրոցի ծիսակատարութիւնը նախ եւ առաջ մեզի կ՛առաջարկէ Յովէլի մարգարէութեան անցքը. Յովէլ որ Աստուծմէ ուղարկուած էր կանչելու ժողովուրդը ապաշխարութեան ու դարձի, փորձանքէն փրկուելու համար։ Մարգարէն ժողովուրդին կ’ըսէ ''բոլոր սրտով դարձի եկէք''։ Ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ դարձէք բոլոր սրտով, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու պատասխանեց. ''Կը նշանակէ ընթանալ զղջումի ու դարձի ճանապարհին վրայ։
Իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա ''արտասուելու'' շնորհքին ըսելով` ''Ո՜րքան բարիք է բոլորիս համար ու յատկապէս մեզի քահանաներուս, քառասնորդացի այս շրջանի ընթացքին հայցել արցունքներու շնորհքը, մեր աղօթքը ու մեր ապաշխարութեան ուղեւորութիւնը միշտ աւելիով վաւեր եւ անկեղծ դարձնելու համար ։ Հարց տանք – հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը – ես ալ կու լա՞մ։ Քահանայապետը կու լա՞յ, կարդինալները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները կու լա՞ն։ Արտասուքը մաս կը կազմէ մեր աղօթքներուն։
Գիտէք եղբայրներ կեղծաւորները չեն գիտեր լալ, մոռցած են լալու ձեւը եւ արցունքի շնորհքը չեն հայցեր - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց օրուան Աւետարանին` քաղուած Մատթէոս աւետարանիչէն որ կը խօսի բարեպաշտական երեք գործերու մասին` ողորմութիւն, աղօթք եւ ծոմապահութիւն։ Յիսուս կը պահանջէ որ այս երեք բարեպաշտական գործերը գործադրուին ամենայն գաղտնապահութեամբ, որովհետեւ Հայր Աստուած որ կը տեսնէ գաղտնիքները, պիտի հատուցանէ քեզի''։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, Տէրը բնաւ չի յոգնիր մեր վրայ գթալու, Ան միշտ պատրաստ է ներելու, բաւ է որ մենք դառնանք Անոր մաքուր սրտով։
Այս գիտակցութեամբ սկիզբ տանք քառասնորդացի, ամենայն վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը նեցուկ կանգնի մեր հոգեւոր պայքարին ու միասնաբար, յաղթականօրէն, երգենք ցնծութիւնը Քրիստոսի Յարութեան։
Մոխիրի սրսկումով գլխուն վրայ ծիսակատարը հետեւեալը կ՛արտասանէ. ''Յիշէ’ ով մարդ զի հող էիր եւ հող դարձիս'' , կամ կը կրկնէ Յիսուսի սա խօսքը ''Ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին''։ Երկու այս բանաձեւերը կոչ մըն են մարդկային գոյութեան։ Մենք սահմանափակ արարածներ ենք, մեղաւորներ են ու միշտ կարիքն ունինք ապաշխարանքի ու դարձի։ Ո՜րքան կարեւոր է այս կոչը մեր այս ժամանակներուն, ասիկա խթան մըն է անառակ որդիի նման նետուելու Աստուծոյ բազուկներուն մէջ, գթառատ եւ ողորմած Հայր Աստուծոյ, եւ այդ բազուկներուն մէջ արցունք դափելու, վստահելով եւ ամբողջովին ապաւինելով Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.